Մարզական

Քէյլոր Նաւաս Յառաջիկայ Յունուարին Կ՛ուզէ Հեռանալ Ռէալ Մատրիտէն

Ռէալ Մատրիտի մաս կազմող քոսթառիքայի բերդապահ Քէյլոր Նաւաս, յառաջիկայ յունուարին կ՛ուզէ հեռանալ իր ակումբէն, երբ մարզիկներու ձմեռնային փոխանցումները սկսին: 31 տարեկան Նաւաս, սկսաւ իբրեւ պահեստի բերդապահ նկատի առնուիլ, իր տեղը զիջելով պելճիքացի Թիպօ Քուրթուային, արքայական ակումբ ժամանումէն ետք: Սակայն ըստ սպանական մամուլին, Ռէալ Մատրիտ կ՛ուզէ մինչեւ 2021 իր կազմին մէջ պահել Նաւասը` անոր առաջարկելով աշխատավարձի բարձրացում:

«Էն. Պի. Էյ.».  Փոլ Ճորճ Նշանակեց 47 Կէտ, Մինչ Անոր Խմբակից Ուեսթպրուք Իրագործեց Թրիփըլ-Տապըլ Մը

«Էն. Պի. Էյ.». Փոլ Ճորճ Նշանակեց 47 Կէտ, Մինչ Անոր Խմբակից Ուեսթպրուք Իրագործեց Թրիփըլ-Տապըլ Մը

«Լէյքըրզ Յաղթեց, Լեպրոն Ճէյմս Նշանակեց 42 Կէտ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն գործող ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց փոխախոյեան Քլիվլենտ Քաւալիրզի դէմ` 129-105 արդիւնքով: Ուորիըրզէն Սթեֆըն Քարի նշանակեց 42 կէտ: Լեպրոն Ճէյմս Իր կարգին, 42 կէտ նշանակեց Լոս Անճելըս Լէյքըրզին մաս կազմող Լեպրոն Ճէյմս` Սան Անթոնիօ Սփըրզի դէմ կատարուած յաղթական մրցումին...

Լողարշաւ. Հայ Լողորդները Կը Մեկնին Մասնակցելու Աշխարհի Ախոյեանութեան

Չինաստանի մէջ 11-16 դեկտեմբերին տեղի կ՛ունենայ աշխարհի լողարշաւի ախոյեանութիւնը` 25 մեթր երկարութիւն ունեցող լողաւազանի մէջ: Այս ախոյեանութեան մասնակցող Հայաստանի ներկայացուցիչները պիտի ըլլան Արթուր Բարսեղեան, Վարսենիկ Մանուչարեան (50 մեթր ազատ լող եւ թիթեռնիկ), Վլատիմիր Մամիկոնեան (100 մեթր ազատ լող) եւ Անի Պօղոսեան (100 եւ 200 մեթր ազատ լող): Հաւաքականին մարզիչն է Արմինէ Աւետիսեան: Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ...

Չելսի Նոր Պայմանագրութիւն Մը Առաջարկեց Էտեն Հազարին

Լոնտոնեան Չելսի ֆութպոլի ակումբը նոր պայմանագրութիւն մը առաջարկեց Պելճիքայի միջնապահ Էտեն Հազարին, որ սակայն պիտի ըլլայ քիչ մը սպասողական, որովհետեւ անիկա պիտի սպասէ Ռէալ Մատրիտին, որ կ՛ուզէ իր կազմէին մէջ տեսնել Հազարը: ֆութպոլիստը կ՛ուզէ իր ասպարէզը շարունակել արքայական ակումբին հետ, թէեւ ցարդ յստակ ոչինչ կայ: Չելսի կ՛ուզէ իր ֆութպոլիստին առաջարկել շաբաթական 300 փաունտ եւ մինչեւ 2020 նոր պայմանագրութիւն մը: 27...

Մեծաթիւ Հրաւիրեալներու Ներկայութեան.  Թենի Հաննա Իր Տիտղոսը Նուիրեց Լիբանանին

Մեծաթիւ Հրաւիրեալներու Ներկայութեան. Թենի Հաննա Իր Տիտղոսը Նուիրեց Լիբանանին

2018-ի Ասիա-Ովկիանիա «Ֆեռարի-Չելընճ»-ի ախոյեան հանդիսացած լիբանանցի անուանի վարորդ Թենի Հաննա մեծաթիւ հրաւիրեալներու ներկայութեան տուաւ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որ տեղի ունեցաւ «Լը Ռուայալ» պանդոկին մէջ, Տըպպայէ: Մամլոյ ասուլիսին ներկայ գտնուեցան Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամներ Յակոբ Թերզեան եւ Ալեքսանտր Մաթոսեան, երեսփոխաններ Հետի Հըպէյշ, Ասաատ Տըրղամ, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան մարզական բաժանմունքի նախագահ Մոհամետ Աուայտաթ (երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆնէյշի ներկայացուցիչ),...

Լիբանանի Հեծելարշաւի Ֆետերասիոնին Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Նախարար Ֆընէյշի

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ նախարարութեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին մէկ պատուիրակութիւնը: Պատուիրակութեան մաս կազմեցին ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան, փոխնախագահ Ռոպեր Փաթափութեան, ինչպէս նաեւ անդամներ Սոնիա Ժըրժես, Քայսար Սալլում եւ Նազարէթ Հապիպեան: Անոնց կ՛ընկերակցէին ախոյեաններ Իսսամ Ապու Ժաուտէ եւ Ռաֆիք Իտ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամի եւ անոր խորհրդականը`...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Կախակայումներու Եւ Տուգանքներու Բաւական Երկար Շարք Մը

Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը շաբաթասկիզբին գումարեց իր հերթական ժողովը, որուն ընթացքին քննարկեց իր օրակարգին վրայ եղող հարցերը: Նախորդ շաբաթավերջին արձանագրուած մրցումներուն արդիւնքներուն վաւերացումէն ետք, տրուեցան համապատասխան որոշումներ սահմանուեցան կախակայումներ եւ տուգանքներ: Նախ կու տանք շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը. Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 10-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. ՈՒՐԲԱԹ, 7 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ Շապապ Սահել - Շապապ Ղազիէ 14:15 Սայտա Սալամ Զղարթա - Անսար 15:00 Զղարթա...

«Էմ. Էմ. Էյ.». Միհրան Յարութիւնեանի Յաջորդ Մրցակիցը Յստակացաւ

Ողիմպիական խաղերու արծաթէ մետալակիր Միհրան Յարութիւնեանի յաջորդ մրցակիցը յայտնի է: «Արէնփրես»-ի համաձայն, Յարութիւնեան իր յաջորդ մենամարտը կը կատարէ 14 դեկտեմբերին, Եւգենի Փերեփեչէի դէմ (Պիելոռուսիա): Վերջինս «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի մրցումներուն արձանագրած է երեք յաղթանակ: Յարութիւնեան իր երկրորդ մենամարտը կը կատարէ «Մենամարտ-Վոլքա-8» մրցաշարքի շրջանակներուն մէջ: Յարութիւնեան իր առաջին մենամարտին յաղթանակ արձանագրեց:

Արթուր Աբրահամ Ցաւակցական Ուղերձ Յղեց Իր Ըներոջ Մահուան Առիթով

Արթուր Աբրահամ Ցաւակցական Ուղերձ Յղեց Իր Ըներոջ Մահուան Առիթով

Արհեստավարժ կռփամարտիկ, գերմիջին քաշային կարգի աշխարհի նախկին ախոյեան Արթուր Աբրահամ ցաւակցական ուղերձ մը յղեց գերմանացի կռփամարտիկ Մարքուս Պեյերի մահուան առիթով: Վերջինս քանի մը օր առաջ մահացած էր ծանր հիւանդութեան պատճառով: 47 տարեկան Պեյեր եղած է երկրորդ կիսամիջին քաշային կարգի «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. Պի. Սի.»-ի վարկածով աշխարհի նախկին ախոյեան: 1996-ին կռփամարտի աշխարհին մէջ իր նորամուտը նշած Պեյեր 2008-ին աւարտած էր իր արհեստավարժ ասպարէզը:

«Էն. Պի. Էյ.». Սանզի 19-րդ, Իսկ Պուլզի 20-րդ Պարտութիւնը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան ոչ այդքան զօրաւոր հինգ ճակատումներ: Ֆէոնիքս Սանզ իր դաշտին վրայ պարտուեցաւ Սաքրամենթօ Քինկզէն` այս տարեշրջանին 19-րդ անգամ ըլլալով, մինչ Շիաքկօ Պուլզ կրեց տարեշրջանի իր 20-րդ պարտութիւնը` Նիւ Օրլինզի դաշտին վրայ: Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները. Ինտիանա Փէյսըրզ - Շիքակօ Պուլզ 96-90 Մայեմի Հիթ - Օրլանտօ Մեճիք 90-105 Տալաս Մավըրիքս - Փորթլենտ...

Մաթիաս Մուրիգեան 9 Կոլի Հեղինակ` Ռիվըր Փլէյթի Հետ

Ուրուկուէյական Ռիվըր Փլէյթի կազմին հետ իր արդիւնաւէտ խաղարկութիւնը կը շարունակէ ցուցադրել միջնապահ-յառաջապահ Մաթիաս Մարթին Ճոնես Մուրիգեան: Ուրուկուէյի ընթացիկ ախոյեանութեան, հայկական արմատներով 27 տարեկան ֆութպոլիստը ցարդ նշանակած է 9 կոլ` 27 մրցումի ընթացքին: Նախքան Ռիվըր Փլէյթ իր փոխանցումը, Մուրիգեան հանդէս եկած է նաեւ Հոլանտայի, Քոլոմպիոյ եւ Ուրուկուէյի կարգ մը ակումբներու հետ:

Ռաֆինիայի Համար 2018-2019 Տարեշրջանը Գրեթէ Վերջ Գտաւ

Պարսելոնայի պրազիլցի միջնապահ Ռաֆինիա Ալքանթարայի համար 2018-2019 տարեշրջանը գրեթէ վերջ գտաւ` նկատի ունենալով, որ ան վեց ամիս պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն` վիրաբուժութեան ենթարկուելէ ետք, յայտնեց քաթալոնական ակումբին պաշտօնական կայքը: 25 տարեկան պրազիլցին իր ծունկը ծանրօրէն վիրաւորած էր Աթլեթիքօ Մատրիտի դէմ տեղի ունեցած «Լա լիկա»-ի մրցումին (13-րդ հանգրուան): Ան նախորդ տարեշրջանին երկրորդ կէսը փոխ տրուած էր Ինթեր Միլանի: Պարսելոնայի հետ անոր...

Իտալիոյ Գերբաժակի Մրցումը` Սէուտական Արաբիոյ Մէջ

Goal.com կայքը հաղորդեց, որ Իտալիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցումը տեղի պիտի ունենայ Սէուտական Արաբիոյ Ժետտա քաղաքին մէջ: 16 յունուարին տեղի ունենալիք այս մրցումին իրարու դէմ յանդիման պիտի գան Իտալիոյ ախոյեան եւ բաժակակիր Եուվենթուսը եւ բաժակի աւարտականին հասած Ա. Սէ. Միլանը: Իտալիոյ գործող գերբաժակակիրը Լացիօ Ռոման է, որ 3-2 արդիւնքով յաղթած էր Եուվենթուսին: Իտալիոյ բաժակի մրցաշարքի աւարտականին, Եուվենթուս յաղթած էր Ա. Սէ....

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. 15-16 Դեկտեմբերին` Մինի Պասքեթի Մրցումները

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի 2018 - 2019 տարեշրջանի յաջորդ մրցաշարքը պիտի ըլլար «Քիտզ Աթլեթիքս»-ը, որ տեղի պիտի ունենար կիրակի, 9 դեկտեմբեր 2018-ին, ՀՄԸՄ-ի «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ: Սակայն Պէյրութի միջազգային օդակայանի օդերեւութական տուեալներուն համաձայն, յառաջիկայ օրերուն եւ շաբաթավերջին Լիբանանի մէջ եղանակը պիտի ըլլայ աննպաստ` կազմակերպելու համար սոյն մրցաշարքը: Մրցաշարքին նոր թուականը կը փոխանցենք աւելի ուշ` շրջաբերականով մը: ՀՄԸՄ-ի...

Ֆութսալ. Լիբանանի 20 Տարեկանէն Վար Տղոց Ազգային Խումբը Մեկնեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ

Երէկ` երեքշաբթի, 4 դեկտեմբերին, Լիբանանի 20 տարեկանէն վար տղոց երիտասարդներու ֆութսալի ազգային խումբը մեկնեցաւ Ֆուժէյրա (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ)` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Արեւմտեան Ասիոյ ախոյեանութեան, որուն արդիւնքներուն լոյսին տակ խումբերը կ՛ապահովեն յառաջիկայ տարի տեղի ունենալիք Ասիոյ ախոյեանութեան իրենց տոմսերը (հիւրընկալ երկրին անունը ցարդ անորոշ է): Լիբանան, որ մաս կը կազմէ Ա. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Քուէյթը եւ Սէուտական Արաբիան:...

Թենիս.  Լիբանանի Ֆետերասիոնը Կը Կազմակերպէ Մարզիչներու Յատուկ Դասընթացքներ

Թենիս. Լիբանանի Ֆետերասիոնը Կը Կազմակերպէ Մարզիչներու Յատուկ Դասընթացքներ

PROFOTO Լիբանանի մէջ թենիսի մարզաձեւին յառաջընթացին նպաստելու նպատակով, Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնը կը կազմակերպէ մարզիչներու Ա. կարգի յատուկ դասընթացք մը, որ տեղի կ՛ունենայ Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ): Այս դասընթացքները սկսան ներկայութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնի նախագահ Օլիվըր Ֆայսալի եւ այլ անդամներու: Այդ դասընթացքները պիտի աւարտին երկուշաբթի, 10 դեկտեմբերին եւ յաջողողները (թիւով 26 հոգի) պիտի ստանան իրենց յատուկ վկայագիրները: Դասընթացքներուն կը...

«Քիտզ-Աթլեթիքս». Ժամհուր Վարժարանի Ս. Ծննդեան Մրցաշարքին Մասնակցեցան 8 Վարժարաններ

Կազմակերպութեամբ Ժամհուր վարժարանին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին վերոնշեալ վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Քիտզ Աթլեթիքս»-ի Ս. Ծննդեան մրցաշարքը` մասնակցութեամբ 8 վարժարաններու: Անոնք էին` Մելքարթ, Միրիամիին-Ժիպէյլ, Ս. Կրեկորիոս, Լուիզ Վիկման-Ժուրըթ Պալլութ, Լուիզ Վիկման-Պշամուն, Համազգային Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան, Լիսէ Էշրեֆիէ եւ Ժամհուր` երկու կազմերով (Ա. եւ Բ.): Մրցաշարքի աւարտին բոլոր մասնակցողներուն տրուեցան վկայագիրներ եւ մարզաշապիկներ` կազմակերպիչ վարժարանի պատասխանատու,...

Ճատրակ. Պատանեկան Ողիմպիական. Մամիկոն Ղարիբեան Իր Խաղատախտակին Վրայ Արժանացաւ Պրոնզ Մետալի

«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ մէջ աւարտած ճատրակի պատանեկան ողիմպիականին, Հայաստանի պատանիներու հաւաքականի անդամ Մամիկոն Ղարիբեան տիրացաւ պրոնզէ մետալի: Հայաստանի հաւաքականը վերջնական դասաւորման մէջ գրաւեց 6-րդ դիրքը: Ինչ կը վերաբերի Ղարիբեանի ձեռք ձգած յաջողութեան, ան առաւելագոյն 8 կէտէն ապահովելով 7 կէտ, 4-րդ խաղատախտակին վրայ հանդիսացաւ 3-րդ եւ արժանացաւ պրոնզ մետալին:

Սամպոն Մօտ Է Ողիմպիական Մարզաձեւ Դառնալու

Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն սամպոն ժամանակաւորապէս ճանչցաւ իբրեւ ողիմպիական մարզաձեւ: Այսպիսի որոշում տրուեցաւ Թոքիոյի մէջ տեղի ունեցած միջազգային ողիմպիական կոմիտէին մէկ նիստին ընթացքին, յայտնեց կազմակերպութեան մամլոյ քարտուղարութիւնը: Յաջորդ քայլը պէտք է ըլլայ սամպոն ընդգրկել ողիմպիական խաղերուն ծրագիրին մէջ: Սամպոն իբրեւ մարզաձեւ Ռուսիոյ մէջ սկսաւ կիրարկուիլ` 16 նոյեմբեր 1938-էն սկսեալ: Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն սամպոն ողիմպիական խաղերու ծրագիրին մէջ ընդգրկելու մտադրութեան մասին առաջին...

Գեղասահք. Լիանա Ֆանարջեանի Յաջողութիւնը` Էսթոնիոյ Մէջ

Հայաստանի ներկայացուցիչ Լիանա Ֆանարջեան, Էսթոնիոյ մայրաքաղաք Թալինի մէջ տեղի ունեցած «Թալին-Թրոֆի-2018» գեղասահքի տարեկան միջազգային մրցաշարքին գրաւեց առաջին դիրքը: Ան հանդէս եկաւ պատանիներու մրցապայքարին` իրեն մարզիչ ունենալով Մելանիա Ստեփանեանը: Այս մրցաշարքին մասնակցեցան նաեւ Հայաստանի ներկայացուցիչներ Սլաւիկ Հայրապետեան եւ Անասթասիա Գալստեան, որոնք թէեւ մրցանակային տեղեր չգրաւեցին, բայց արձանագրեցին տպաւորիչ արդիւնքներ` յաջորդաբար գրաւելով 4-րդ եւ 9-րդ դիրքերը:  

Page 761 of 1278 1 … 760 761 762 … 1,278

Արխիւներ