Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Թոմաս Պախ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, թէ ամէն ճիգ ի գործ կը դրուի եւ բոլոր ջանքերը կը թափուին, որպէսզի կռփամարտը Թոքիօ-2020-ի ողիմպիական խաղերէն դուրս չդրուի:
«Մենք կ՛ուզենք, որ այս մարզաձեւը եւս ներկայ ըլլայ ողիմպիականի խաղերուն մէջ, թէեւ Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի գործադիր յանձնախումբի վերջին նիստին այս մարզաձեւը դուրս ձգելու մտադրութիւն մը կար», ըսաւ Պախ:



