Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն սամպոն ժամանակաւորապէս ճանչցաւ իբրեւ ողիմպիական մարզաձեւ:
Այսպիսի որոշում տրուեցաւ Թոքիոյի մէջ տեղի ունեցած միջազգային ողիմպիական կոմիտէին մէկ նիստին ընթացքին, յայտնեց կազմակերպութեան մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Յաջորդ քայլը պէտք է ըլլայ սամպոն ընդգրկել ողիմպիական խաղերուն ծրագիրին մէջ:
Սամպոն իբրեւ մարզաձեւ Ռուսիոյ մէջ սկսաւ կիրարկուիլ` 16 նոյեմբեր 1938-էն սկսեալ:
Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն սամպոն ողիմպիական խաղերու ծրագիրին մէջ ընդգրկելու մտադրութեան մասին առաջին անգամ խօսած է 2009-ին:



