Չինաստանի մէջ 11-16 դեկտեմբերին տեղի կ՛ունենայ աշխարհի լողարշաւի ախոյեանութիւնը` 25 մեթր երկարութիւն ունեցող լողաւազանի մէջ:
Այս ախոյեանութեան մասնակցող Հայաստանի ներկայացուցիչները պիտի ըլլան Արթուր Բարսեղեան, Վարսենիկ Մանուչարեան (50 մեթր ազատ լող եւ թիթեռնիկ), Վլատիմիր Մամիկոնեան (100 մեթր ազատ լող) եւ Անի Պօղոսեան (100 եւ 200 մեթր ազատ լող):
Հաւաքականին մարզիչն է Արմինէ Աւետիսեան:
Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ Հայաստանի լողորդները Չինաստան պիտի մեկնին ուրբաթ, 7 դեկտեմբերին:



