Ուրուկուէյական Ռիվըր Փլէյթի կազմին հետ իր արդիւնաւէտ խաղարկութիւնը կը շարունակէ ցուցադրել միջնապահ-յառաջապահ Մաթիաս Մարթին Ճոնես Մուրիգեան:
Ուրուկուէյի ընթացիկ ախոյեանութեան, հայկական արմատներով 27 տարեկան ֆութպոլիստը ցարդ նշանակած է 9 կոլ` 27 մրցումի ընթացքին:
Նախքան Ռիվըր Փլէյթ իր փոխանցումը, Մուրիգեան հանդէս եկած է նաեւ Հոլանտայի, Քոլոմպիոյ եւ Ուրուկուէյի կարգ մը ակումբներու հետ:



