Կազմակերպութեամբ Ժամհուր վարժարանին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին վերոնշեալ վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Քիտզ Աթլեթիքս»-ի Ս. Ծննդեան մրցաշարքը` մասնակցութեամբ 8 վարժարաններու:
Անոնք էին` Մելքարթ, Միրիամիին-Ժիպէյլ, Ս. Կրեկորիոս, Լուիզ Վիկման-Ժուրըթ Պալլութ, Լուիզ Վիկման-Պշամուն, Համազգային Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան, Լիսէ Էշրեֆիէ եւ Ժամհուր` երկու կազմերով (Ա. եւ Բ.):
Մրցաշարքի աւարտին բոլոր մասնակցողներուն տրուեցան վկայագիրներ եւ մարզաշապիկներ` կազմակերպիչ վարժարանի պատասխանատու, Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի անդամ Ֆիլիփ Պաժժանիի կողմէ:
Այս մրցաշարքին ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով հանդիսատեսներ եւ մասնակցող աշակերտներուն ծնողներն ու ընտանեկան պարագաները:
Կիրակի, 9 դեկտեմբերին, Ժամհուր իր վարժարանին շրջափակին մէջ պիտի հիւրընկալէ այլ մրցաշարք մը` առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 15:00:



