«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ մէջ աւարտած ճատրակի պատանեկան ողիմպիականին, Հայաստանի պատանիներու հաւաքականի անդամ Մամիկոն Ղարիբեան տիրացաւ պրոնզէ մետալի:
Հայաստանի հաւաքականը վերջնական դասաւորման մէջ գրաւեց 6-րդ դիրքը:
Ինչ կը վերաբերի Ղարիբեանի ձեռք ձգած յաջողութեան, ան առաւելագոյն 8 կէտէն ապահովելով 7 կէտ, 4-րդ խաղատախտակին վրայ հանդիսացաւ 3-րդ եւ արժանացաւ պրոնզ մետալին:



