Լոնտոնեան Չելսի ֆութպոլի ակումբը նոր պայմանագրութիւն մը առաջարկեց Պելճիքայի միջնապահ Էտեն Հազարին, որ սակայն պիտի ըլլայ քիչ մը սպասողական, որովհետեւ անիկա պիտի սպասէ Ռէալ Մատրիտին, որ կ՛ուզէ իր կազմէին մէջ տեսնել Հազարը:
ֆութպոլիստը կ՛ուզէ իր ասպարէզը շարունակել արքայական ակումբին հետ, թէեւ ցարդ յստակ ոչինչ կայ:
Չելսի կ՛ուզէ իր ֆութպոլիստին առաջարկել շաբաթական 300 փաունտ եւ մինչեւ 2020 նոր պայմանագրութիւն մը:
27 տարեկան պելճիքացին Անգլիոյ ֆութպոլի այս տարեշրջանի ախոյեանութեան 13 մրցումի ընթացքին նշանակեց 7 կոլ եւ կատարեց 5 էսիսթ:



