Ողիմպիական խաղերու արծաթէ մետալակիր Միհրան Յարութիւնեանի յաջորդ մրցակիցը յայտնի է:
«Արէնփրես»-ի համաձայն, Յարութիւնեան իր յաջորդ մենամարտը կը կատարէ 14 դեկտեմբերին, Եւգենի Փերեփեչէի դէմ (Պիելոռուսիա): Վերջինս «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի մրցումներուն արձանագրած է երեք յաղթանակ:
Յարութիւնեան իր երկրորդ մենամարտը կը կատարէ «Մենամարտ-Վոլքա-8» մրցաշարքի շրջանակներուն մէջ:
Յարութիւնեան իր առաջին մենամարտին յաղթանակ արձանագրեց:



