Goal.com կայքը հաղորդեց, որ Իտալիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցումը տեղի պիտի ունենայ Սէուտական Արաբիոյ Ժետտա քաղաքին մէջ:
16 յունուարին տեղի ունենալիք այս մրցումին իրարու դէմ յանդիման պիտի գան Իտալիոյ ախոյեան եւ բաժակակիր Եուվենթուսը եւ բաժակի աւարտականին հասած Ա. Սէ. Միլանը:
Իտալիոյ գործող գերբաժակակիրը Լացիօ Ռոման է, որ 3-2 արդիւնքով յաղթած էր Եուվենթուսին:
Իտալիոյ բաժակի մրցաշարքի աւարտականին, Եուվենթուս յաղթած էր Ա. Սէ. Միլանին (4-0):
 
			


