Մարզական

Եգիպտացի Սալահ Նոր Մրցանիշ Մը Հաստատեց Լիվըրփուլի Հետ

Ինչպէս երէկուան մեր էջով նշեցինք, Լիվըրփուլւի եգիպտացի յառաջապահ Մոհամետ Սալահ իր ակումբին հետ հեթրիք մը իրագործեց Փորթցմաութի դէմ տեղի ունեցած «Փրեմիեր-լիկ»-ի մրցումին (16-րդ հանգրուան): Ան այսպիսով իր նշանակած կոլերուն ընդհանուր հաշիւը բարձրացուց 42-ի, Անգլիոյ ախոյեանութեան գծով: «Սքուավքա»-ի համաձայն, Սալահ այսպիսով նոր մրցանիշ մը հաստատեց` նկատի ունենալով, որ արագ կերպով անցաւ 40 կոլի սահմանը` 52 մրցումի ընթացքին: Փորթցմաութի դէմ կատարուած մրցումին...

Քոլոմպիոյ Մէջ Պասքեթպոլի Խումբի Մը 13 Մարզիկները Զոհ Գացին Փոխադրակառքի Արկածի Մը

Քոլոմպիոյ արեւմուտքը գտնուող Եոթոքօ շրջանին մէջ, փոխադրակառքի մը արկածը պատճառ դարձաւ պասքեթպոլի արհեստավարժ խումբի մը 13 մարզիկներուն մահուան, յայտնեց տեղական մամուլը: Նշուեցաւ նաեւ, որ 20 ուրիշ մարզիկներ վնասուածքներ ստացան եւ տեղափոխուեցան հիւանդանոց: Ըստ ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու, արկածը կրնայ ըլլալ արգելակներու հետ կապուած հարց մը, սակայն հետաքննութիւնները կը շարունակուին:  

«Լիպերթատորես» Բաժակի Մրցաշարք. Ռիվըր Փլէյթ Տիտղոսակիր` «Սանթիակօ Պեռնապէօ» Մարզադաշտին Վրայ

Արժանթինեան Ռիվըր Փլէյթ ֆութպոլի ակումբը, իր պատմութեան մէջ չորրորդ անգամ ըլլալով (նախապէս` 1986-ին, 1996-ին եւ 2015-ին), տիրացաւ «Լիպերթատորես» ֆութպոլի մրցաշարքի տիտղոսին, երբ նախորդ շաբաթավերջին, «Սանթիակօ Պեռնապէօ» մարզադաշտին վրայ (Մատրիտ, Սպանիա) տեղի ունեցած դարձի մրցումին (երթ` 2-2), երկարաձգումէն ետք 3-1 արդիւնքով յաղթեց պրազիլական Պոքա Ժունիորզին: Սկզբունքով դարձի այս մրցումը տեղի պիտի ունենար Արժանթինի մէջ, սակայն տեղւոյն համակիրներուն անկարգութիւններուն պատճառով անիկա տեղի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Շեպիպէ` 114-29

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 9 դեկտեմբերին, երեկոյեան, ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց կազմը «Աղբալեան- ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Շեպիպէն: Ցարդ իր կատարած երեք մրցումներուն ալ յաղթանակ արձանագրած ՀՄԸՄ-ի աղջիկները մրցումը աւարտեցին, հետեւեալ արդիւնքով` 114-29 (35-8, 23-7, 22-8, 34-5):  

Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն.  Այսօր Կը Սկսի 2015-2016 Տարեշրջանը

Ֆութսալ. Ժամհուր – ՀՄԸՄ Պէյրութ` 1-9

Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 8 դեկտեմբեր, երեկոյեան, ՀՄԸՄ Պէյրութ 9-1 արդիւնքով տապալեց Ժամհուրը: ՀՄԸՄ Պէյրութի կոլերը նշանակեցին Մհեր Սուրմէնեան(3), Էլիօ Պու Ղազալէ (2), Հայկ Խաչերեան, Ներսէս Խուվալճեան, Աւագ Պալապանեան, Խաչիկ Սերոբեան: Այս մրցումը Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին փոխարէն տեղի ունեցաւ Յիսուսեան հայրերու համալսարանին մէջ (Մանսուրիէ)` նկատի ունենալով, որ Էմիլ Լահուտի անուան մարզադաշտը նորոգութեան...

Լիբանանեան Ֆութպոլ ՀՄԸՄ – Իժթիմահի` 0-4

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի մրցումները տեղի ունեցան այս շաբաթավերջին: ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը այս հանգրուանի իր մրցումը կատարեց Ժունիէի, «Ֆուատ Շեհապ» մարզադաշտին վրայ, երէկ` կիրակի, 9 դեկտեմբերին, Իժթիմահիի դէմ, եւ 4-0 արդիւնքով պարտուեցաւ:

Ֆութպոլ.  Եւրոպական Ֆութպոլի Շաբաթավերջը Կոլառատ

Ֆութպոլ. Եւրոպական Ֆութպոլի Շաբաթավերջը Կոլառատ

Եւրոպայի հինգ երկիրներու (Անգլիա, Իտալիա, Սպանիա, Գերմանիա, Ֆրանսա) առաջին դասակարգերու ախոյեանութիւններու շաբաթավերջի մրցումները եղան իսկապէս հետաքրքրական եւ հաճելի , մանաւանդ որ նշանակուեցան 100-է աւելի կոլեր: Անգլիա Մանչեսթըր Եունայթըտ իւրայատուկ ոճով աւարտեց առանց յաղթանակներու շարքը, իսկ Մանչեսթըր Սիթի` յաղթանակներու շարքը: Վերջին անգամ Սիթի Մանչեսթըր Եունայթըտէն պարտուած էր այս տարուան ապրիլին: Արսենալ 21 մրցումներու մէջ (բոլոր մրցաշարքերու) մնաց անպարտելի: Սալահի նշանակած երեք...

Վաչէ Ծատուրեան Դասախօս` Միջազգային Համագումարի

Վաչէ Ծատուրեան Դասախօս` Միջազգային Համագումարի

Հինգշաբթի, 6 եւ ուրբաթ, 7 դեկտեմբերին, Փորթուգալի Քասքայա քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ միջազգային համագումար մը` կազմակերպութեամբ Փորթուգալի ողիմպիական կոմիտէին եւ Միջազգային ողիմպիական կոմիտէին: Այս համագումարին մասնակցեցան «MEMOS»-ի վկայականի տիրացած 145 մարզական պատասխանատուներ, որոնց շարքին` նաեւ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի անդամ Վաչէ Ծատուրեան: Երկու օրերու վրայ բաժնուած ծրագիրին Ծատուրեան իր մասնակցութիւնը բերաւ դասախօսելով «Ողիմպիական արժէքները յարաբերակա՞ն, թէ՞ բացարձակ» նիւթը, որմէ ետք տեղի...

Լիբանանեան Պասքեթոլ ՀՄԸՄ Կրեց Տարեշրջանի Իր Առաջին Պարտութիւնը Մութթահետէն` 78-72 Արդիւնքով

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանին բացման ծիրին մէջ, երէկ` ուրբաթ, 7 դեկտեմբերին, Մութթահետ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Լիբանանի ախոյեան` ՀՄԸՄ-ը: ՀՄԸՄ, որ ցարդ կատարած էր երկու մրցում եւ արձանագրած երկու յաղթանակ, երէկ կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը` 78-72 արդիւնքով: Հիւսիսային խումբին համար այս յաղթանակը եղաւ տարեշրջանին երկրորդը (երկու յաղթանակի կողքին): Նախքան մանրամասնութիւններուն անցնիլը,  նշենք, որ ՀՄԸՄ-էն բացակայեցաւ...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ – Իժթիմահի

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի մրցումները տեղի կ՛ունենան այս շաբաթավերջին: ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը այս հանգրուանի իր մրցումը կը կատարէ վաղը` կիրակի, 9 դեկտեմբերին, երբ կը մրցի Իժթիմահիի դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Ժունիէի Ֆուատ Շեհապ մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին: ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի ամէն գնով յաղթանակ մը արձանագրել, իսկ խումբին համակիրներէն`...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Մութթահետ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Շեպիպէ

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 9 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 19:30-ին, ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց կազմը «Աղբալեան - ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Շեպիպէն: Ցարդ իր կատարած երեք մրցումներուն ալ յաղթանակ արձանագրած ՀՄԸՄ-ի աղջիկներէն կ՛ակնկալուի չորրորդ յաղթանակը, իսկ խումբին համակիրներէն` ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը:

Ֆութսալ.  ՀՄԸՄ-ի Զոյգ Խումբերն Ալ Պարտուեցան

Ֆութսալ. Այսօր` Ժամհուր – ՀՄԸՄ Պէյրութ

Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 8 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, ՀՄԸՄ Պէյրութ կը մրցի Ժամհուրի դէմ: Այս մրցումը Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին փոխարէն պիտի կատարուի Յիսուսեան հայրերու համալսարանին մէջ (Մանսուրիէ)` նկատի ունենալով, որ Էմիլ Լահուտի անուան մարզադաշտը նորոգութեան ընթացքի մէջ է:

Քոնկ Ֆու-Ուու Շու. Անթունիէ Առաջին` Լիբանանի Անկախութեան 75-ամեակին Նուիրուած Մրցաշարքին

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Քոնկ ֆու. ուու շուի ֆետերասիոնին, Շեպիպեթ Շիահ մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Լիբանանի անկախութեան նուիրուած թաու-լուի մրցաշարք մը` մասնակցութեամբ հետեւեալ ակումբներուն. ԱՊՊԱ Պուրճ Համուտ, Անթունիէ Պաապտա, Սատաքա Այնճար, Սքուեր Ֆիթ-Պաապտա, Սանթրալ Ժունիէ, Լուէյզի Զուք Մոսպեհ եւ Նըմուր Պէյրութ: Ապահովելով 199 կէտ` Անթունիէ Պաապտա տիրացաւ տիտղոսին: Երկրորդ դիրքը գրաւեց Սատաքա-Այնճար (134 կէտ), մինչ երրորդ դիրքը` Սքուեր Ֆիթ-Պաապտա (122 կէտ): Աւարտին...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Տպաւորիչ Յաղթանակով Մը Պարտութեան Մատնեց Սաժեսը` 85-77 Արդիւնքով

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Մութթահետ-ՀՄԸՄ 5-րդ Հանգրուանի Բացման Մրցումը

Շուրջ ամսուան մը դադարէ ետք, այսօր` ուրբաթ, 7 դեկտեմբերին կը վերսկսի Լիբանանի պասքեթպոլի Ա. դասակարգի տղոց ախոյեանութիւնը, երբ 5-րդ հանգրուանի բացման ծիրին մէջ Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ հիւրը կ՛ըլլայ Մութթահետին: Մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 18:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Սաֆատի մարզադաշտին վրայ (Թրիփոլի): ՀՄԸՄ, որ ցարդ կատարած է երեք մրցում, կը հանդիսանայ միակ խումբը, որ ցարդ անպարտելի է, իսկ...

Լողարշաւ. Նաժահ Պէյրութ Ակումբը 78 Գունաւոր Մետալներու Տիրացաւ Տոհայի Մէջ

Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ տեղի ունեցած «Էյչ. 2-0» լողարշաւի միջազգային մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերած լիբանանեան Նաժահ-Պէյրութ ակումբը իր արձանագրած տպաւորիչ արդիւնքներուն շնորհիւ տիրացաւ 78 գունաւոր մետալներու (39 ոսկի, 24 արծաթ եւ 15 պրոնզ): Լիբանանեան ակումբին մաս կը կազմէին 12 երկսեռ լողորդներ:

Վոլիպոլ. Լիբանանի Ֆետերասիոն-Ա. Դասակարգի Ակումբներ Ժողով

Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնը Պաուշրիէի մէջ գտնուող իր կեդրոնատեղիին մէջ գումարեց ժողով մը Ա. դասակարգի ակումբներուն հետ` 2018-2019 տարեշրջանի ազդանշանին տրուելէն ամիս մը առաջ: Նոր տարեշրջանը պիտի սկսի 12 յունուար 2019-ին պաշտօնական բացումով մը Լիբանանի ախոյեան հանդիսացած Սփիտ-պոլի (Շեքքա) դաշտին վրայ: Ֆետերասիոնի նախագահ Միշել Ապի Ռամիա ժողովականներուն ներկայացուց ախոյեանութեան գծով որոշ տեղեկութիւններ եւ յոյս յայտնեց, որ նոր տարեշրջանը պսակուի յաջողութեամբ:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Շարպել Եազպեք Միացաւ «Էօ.Էն.Պէ.»-ի

Լիբանանի պասքեթպոլի Բ. դասակարգի կազմերէն «Էօ. Էն. Պէ.» իր կազմին միացուց երիտասարդ մարզիկ Շարպել Ժորժ Եազպեքը (2000-ի ծնունդ): Եազպեք, որուն հասակն է 1,96 մեթր, նախապէս մաս կազմած է Անթունիէ Պաապտային` անոր հետ ելոյթ ունենալով Ա. եւ Բ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն: «Էօ. Էն. Պէ.» խումբին մարզիչն է Ժորժ Քըլզի: Խումբը իր փորձերը կը կատարէ Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ (Պաուշրիէ):

Հինգշաբթի, 13 Դեկտեմբերին. «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» Կը Կատարէ Իր Ակումբին 2018-ի Մրցանակաբաշխութիւնը

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» յայտարարեց, թէ հինգշաբթի, 13 դեկտեմբերին, իր ակումբին մէջ (Քասլիք) կը կատարէ մրցանակաբաշխութիւնը բոլոր անոնց, որոնք 2018 տարուան ընթացքին տիրացան տարբեր տեսակի տիտղոսներու (Լիբանանի ախոյեանութիւններուն ընթացքին), ինչպէս նաեւ յաջողեցան մրցանակային դիրքեր գրաւել:

Եւրոպական Ֆութպոլ. Հայաստանի 17 Եւ 19 Տարեկանէն Վար Հաւաքականներուն Մրցակիցները Յստակացան

Երէկ` հինգշաբթի, 6 դեկտեմբերին, Նիոնի մէջ (Զուիցերիա) տեղի ունեցաւ Եւրոպայի 17 եւ 19 տարեկանէն վար ֆութպոլի ախոյեանութեան 2019-2020 տարեշրջանի մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը: Հայաստանի 17 տարեկանէն վար հաւաքականը, որ յայտնուեցաւ Է. խմբակին մէջ իրեն մրցակից պիտի ունենայ Խրուաթիան, Սկովտիան եւ Իսլանտան, յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Այս խմբակին մրցումները տեղի պիտի ունենան 22-28 հոկտեմբեր 2019-ին, Սկովտիոյ մէջ: Ինչ կը վերաբերի 19...

Ֆութպոլ-Պիզնըս-Լիկա. 11 Խումբեր Կը Մասնակցին Գ. Մրցաշարքին

9 դեկտեմբերին նախկին Միքա մարզադաշտին վրայ կը սկսի «Ֆութպոլ Պիզնըս Լիկա»-ի Գ. մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 11 խումբեր: Այս խումբերուն կարգին է նաեւ Հայաստանի լրագրողներու ֆութպոլի հաւաքականը: Խումբը, որ մաս կազմեց Բ. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ «Ֆասթ Քրետի»-ն, Մարիանան, Պարսիսը եւ  «Եունիպանք»-ը: Իսկ Ա. խմբակին մաս կը կազմեն «Կրանտ Սփոր», «Կրանտ Թոպաք», «Եուքոմ», «Ալֆա-Ֆարմ», Նոր Զովք եւ...

Page 760 of 1278 1 … 759 760 761 … 1,278

Արխիւներ