Պարսելոնայի պրազիլցի միջնապահ Ռաֆինիա Ալքանթարայի համար 2018-2019 տարեշրջանը գրեթէ վերջ գտաւ` նկատի ունենալով, որ ան վեց ամիս պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն` վիրաբուժութեան ենթարկուելէ ետք, յայտնեց քաթալոնական ակումբին պաշտօնական կայքը:
25 տարեկան պրազիլցին իր ծունկը ծանրօրէն վիրաւորած էր Աթլեթիքօ Մատրիտի դէմ տեղի ունեցած «Լա լիկա»-ի մրցումին (13-րդ հանգրուան):
Ան նախորդ տարեշրջանին երկրորդ կէսը փոխ տրուած էր Ինթեր Միլանի:
Պարսելոնայի հետ անոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2020:



