ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի 2018 – 2019 տարեշրջանի յաջորդ մրցաշարքը պիտի ըլլար «Քիտզ Աթլեթիքս»-ը, որ տեղի պիտի ունենար կիրակի, 9 դեկտեմբեր 2018-ին, ՀՄԸՄ-ի «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ:
Սակայն Պէյրութի միջազգային օդակայանի օդերեւութական տուեալներուն համաձայն, յառաջիկայ օրերուն եւ շաբաթավերջին Լիբանանի մէջ եղանակը պիտի ըլլայ աննպաստ` կազմակերպելու համար սոյն մրցաշարքը: Մրցաշարքին նոր թուականը կը փոխանցենք աւելի ուշ` շրջաբերականով մը:
ՀՄԸՄ-ի ԼԵՎԱՄ-ի յաջորդ մրցաշարքը մինի պասքեթն է, որ տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 15 եւ կիրակի, 16 դեկտեմբեր 2018-ին, Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ, Պուրճ Համուտ:
ՀՄԸՄ-Ի ԼԵՎԱՄ-Ի ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ



