Հայաստանի ներկայացուցիչ Լիանա Ֆանարջեան, Էսթոնիոյ մայրաքաղաք Թալինի մէջ տեղի ունեցած «Թալին-Թրոֆի-2018» գեղասահքի տարեկան միջազգային մրցաշարքին գրաւեց առաջին դիրքը: Ան հանդէս եկաւ պատանիներու մրցապայքարին` իրեն մարզիչ ունենալով Մելանիա Ստեփանեանը:
Այս մրցաշարքին մասնակցեցան նաեւ Հայաստանի ներկայացուցիչներ Սլաւիկ Հայրապետեան եւ Անասթասիա Գալստեան, որոնք թէեւ մրցանակային տեղեր չգրաւեցին, բայց արձանագրեցին տպաւորիչ արդիւնքներ` յաջորդաբար գրաւելով 4-րդ եւ 9-րդ դիրքերը:



