Ռէալ Մատրիտի մաս կազմող քոսթառիքայի բերդապահ Քէյլոր Նաւաս, յառաջիկայ յունուարին կ՛ուզէ հեռանալ իր ակումբէն, երբ մարզիկներու ձմեռնային փոխանցումները սկսին:
31 տարեկան Նաւաս, սկսաւ իբրեւ պահեստի բերդապահ նկատի առնուիլ, իր տեղը զիջելով պելճիքացի Թիպօ Քուրթուային, արքայական ակումբ ժամանումէն ետք:
Սակայն ըստ սպանական մամուլին, Ռէալ Մատրիտ կ՛ուզէ մինչեւ 2021 իր կազմին մէջ պահել Նաւասը` անոր առաջարկելով աշխատավարձի բարձրացում:



