
Լիբանանի մէջ թենիսի մարզաձեւին յառաջընթացին նպաստելու նպատակով, Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնը կը կազմակերպէ մարզիչներու Ա. կարգի յատուկ դասընթացք մը, որ տեղի կ՛ունենայ Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ):
Այս դասընթացքները սկսան ներկայութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնի նախագահ Օլիվըր Ֆայսալի եւ այլ անդամներու:
Այդ դասընթացքները պիտի աւարտին երկուշաբթի, 10 դեկտեմբերին եւ յաջողողները (թիւով 26 հոգի) պիտի ստանան իրենց յատուկ վկայագիրները:
Դասընթացքներուն կը հսկէ սուրիացի մարզիչ Ֆիրաս Տապպուս` իրեն օգնական ունենալով լիբանանցիներ Նիքոլա Սեսինը եւ Ֆետի Եուսեֆը:
Նշեալ երեք մարզիչներն ալ ունին Բ. կարգի վկայագիր: Ամէնէն բարձրը Գ. կարգի վկայագիրն է:



