Երէկ` երեքշաբթի, 4 դեկտեմբերին, Լիբանանի 20 տարեկանէն վար տղոց երիտասարդներու ֆութսալի ազգային խումբը մեկնեցաւ Ֆուժէյրա (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ)` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Արեւմտեան Ասիոյ ախոյեանութեան, որուն արդիւնքներուն լոյսին տակ խումբերը կ՛ապահովեն յառաջիկայ տարի տեղի ունենալիք Ասիոյ ախոյեանութեան իրենց տոմսերը (հիւրընկալ երկրին անունը ցարդ անորոշ է):
Լիբանան, որ մաս կը կազմէ Ա. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Քուէյթը եւ Սէուտական Արաբիան:
Լիբանան իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ վաղը` հինգշաբթի, 6 դեկտեմբերին, ժամը 16:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) Քուէյթի դէմ, իսկ երկրորդ մրցումը` շաբաթ, 8 դեկտեմբերին, ժամը 13:30-ին, Սէուտական Արաբիոյ դէմ:
Այս մրցաշարքին համար Լիբանանի մարզիչ Թարեք Ռըզք նկատի առաւ 14 մարզիկներ` բաւական լուրջ փորձեր կատարելէ ետք անոնց եւ ուրիշներու հետ:
Ազգային խումբին մաս կազմեց նաեւ Սթիւ Գուգուզեան, որ եղաւ միակ լիբանանահայը:
Պատուիրակութեան նախագահ Հիւսէյն Տիպ ըսաւ, որ խումբին տրամադրութիւնները բարձր են, եւ բոլորն ալ յոյսով են, որ Լիբանան կ՛ապահովէ Ասիոյ ախոյեանութեան իր տոմսը:
 
			


