Մարզական

Ֆութսալ. Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Ներքին Ապահովութեան Ուժեր

Լիբանանի ֆութսալի բաժակի մրցաշարքի 2018-2019 տարեշրջանի Ա. հանգրուանի ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 30 յունուարին, ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը կը մրցի Ներքին ապահովութեան ուժերու խումբին դէմ: Այս մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 22:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Սատաքայի դաշտին վրայ: ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը, իսկ խումբին մարզիկներէն` ամէն գնով յաղթանակ արձանագրել եւ անցնիլ Բ. հանգրուան, մանաւանդ որ մրցաշարքը...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Շեպիպէ Զղարթա Բարձրացաւ Գ. Դասակարգ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Դ. դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերած խումբերէն Շեպիպէ Զղարթա, որ յաջողեցաւ հասնիլ ֆայնըլ-ֆորի մրցումներուն եւ անոնց աւարտին գրաւել երրորդ դիրքը, յաջողեցաւ բարձրանալ Գ. դասակարգ: Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին ֆետերասիոնին մօտ անդամագրուած 96 ակումբներ: Ակումբի նախագահ Իզապել Մաարաուի շնորհաւորեց խումբին մարզիկները` ձեռք բերուած այս յաջողութեան համար` յոյս յայտնելով, որ յառաջիկային կը յաջողին յաւելեալ յաջողութիւններ ձեռք ձգել: Յայտնենք,...

Ասիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Քաթար – Ճափոն Աւարտական

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ տեղի ունեցող Ասիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին, կիսաւարտականի հանգրուանին արձանագրուած արդիւնքներուն լոյսին տակ, Քաթար եւ Ճափոն ապահովեցին աւարտականի իրենց տոմսերը: Անոնք ուրբաթ, 1 փետրուարին կը մրցին իրարու դէմ: Քաթարի յաղթական մարզիկները Քաթար առաջին անգամ ըլլալով հասաւ աւարտականին` 4-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք մրցաշարքը հիւրընկալած խումբին, որ իր այս մրցումը աւարտեց տասը մարզիկով, երբ Իսմայիլ Ահմետ վերջին վայրկեանին կարմիր...

«Էն. Պի. Էյ.» Ուորիըրզ Յաղթեց. Քարի Նշանակեց 26 Կէտ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուած մրցումներուն գործող ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց Ինտիանա Փէյսըրզի դաշտին վրայ` 132-100 արդիւնքով: Սթեֆըն Քարի (Ուորիըրզ) բաւականացաւ 26 կէտով: Պոսթըն Սելթիքս 112-104 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Պրուքլին Նեթցին: Վերջինէս Տ՛անճելօ Ռասըլ նշանակեց 25 կէտ: Թէեւ Մարք Կազոլ նշանակեց 28 կէտ, բայց անոր կազմը` Մեմֆիս Կրիզլիզ, 95-92 արդիւնքով պարտութիւն...

Լողարշաւ. Լիբանանի Ֆետերասիոնը Կատարեց 2018 Տարուան Մրցանակաբաշխութիւնը

Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցած յատուկ երեկոյի մը ընթացքին Լիբանանի լողարշաւի ֆետերասիոնը կատարեց 2018 տարուան մրցանակաբաշխութիւնը: PROFOTO Ֆետերասիոնի նախագահ Թոնի Նասսար շնորհաւորելով բոլոր մրցանակակիրները, անոնց մաղթեց նորանոր նուաճումներ, թէ՛ տեղական եւ թէ՛ միջազգային մակարդակներու վրայ: Այս առիթով մարզիչի երկրորդ եւ երրորդ կարգի վկայագիրներ տրուեցան բոլոր անոնց, որոնք ֆետերասիոնին դասընթացքներուն յաջողած էին: Նախքան մրցանակաբաշխութիւնը, տեղի ունեցաւ ֆետերասիոնին տարեկան...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Սաժես Կրեց Տարեշրջանի Իր 10-րդ Պարտութիւնը` Պէյրութէն, 89-66 Արդիւնքով

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 12-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Պէյրութ, որ Շիահի իր մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Սաժեսը, արձանագրեց 89-66 արդիւնքով յաղթանակ մը: PROFOTO Այս պարտութիւնը Սաժեսի համար եղաւ տարեշրջանի 10-րդը` ցարդ միայն մէկ յաղթանակի կողքին: Պէյրութէն Քուինսի Տուպի նշանակեց 28 կէտ, մինչ Ալի Հայտար տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (25 կէտ, 16 ռիպաունտ): Իսկ Սաժեսէն Ազիզ Ապտելմասիհ եւ  Սապահ...

Պասքեթպոլ. Մարզիկներու Ընտրութեան Փորձեր` Սաժես Ակումբին Կողմէ

Սաժես Պէյրութի ակումբը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ խումբը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ մօտերս սկսելիք 18 տարեկանէն վար Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան: Էլի Նասսար Նշուեցաւ, որ այդ փորձերուն մասնակցիլ ուզող մարզիկները պէտք չէ մաս կազմած ըլլան որեւէ ակումբի եւ իրենց ստորագրութիւնները չկան որեւէ խումբի տոմարներուն վրայ: Այս փորձերը տեղի պիտի ունենան երեքշաբթի, 29 եւ չորեքշաբթի, 30 յունուարին, Ղազիրի դաշտին...

Կռփամարտ. Հայաստանի Հաւաքականը Ունեցաւ Իր Նոր Գլխաւոր Մարզիչը

Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնի նախագահ Արթուր Գէորգեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած նիստին ընթացքին քննարկուեցան շարք մը հարցեր: Նկատի ունենալով, որ հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Դաւիթ Թորոսեան բաւական ծանրաբեռնուած է, որոշուեցաւ, որ ան այսուհետեւ պիտի զբաղի արհեստավարժ մարզիկները մարզելով: Հայաստանի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը վստահուեցաւ գիւմրեցի Ռուդիկ Մկրտչեանին, որ մինչ այդ կը կատարէր հաւաքականի գլխաւոր մարզիչի օգնականի պարտականութիւնները: Հաւաքականի երկրորդ մարզիչ նշանակուեցաւ Վահան...

Ֆութսալ. Հայաստանի Հաւաքականը Մեկնեցաւ Շուէտ

Նախորդ շաբաթավերջին Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը մեկնեցաւ Շուէտ, ուր իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 2020-ի աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին: Հայաստան, որ մաս կը կազմէ Ե. խմբակին, յաջորդաբար պիտի մրցի` Շուէտի (30 յունուար), Պելճիքայի (31 յունուար) եւ Մալթայի դէմ (2 փետրուար): Ստորեւ հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Ռուբէն Նազարէթեանի կողմէ նկատի առնուած ֆութպոլիստներուն անունները. ԲԵՐԴԱՊԱՀՆԵՐ.- Սարգիս Էսքիճեան (Ռասինկ, Լիբանան), Տէյվիտ Ռիքարտօ Չաւես (Քրիսթոֆ, Միացեալ...

Էտկար Մալաքեան Տեղափոխուեցաւ Ռումանիա

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Էտկար Մալաքեան տեղափոխուեցաւ Փերթոլուլ, որ հանդէս կու գայ Ռումանիոյ առաջին դասակարգին մէջ: 28 տարեկան ֆութպոլիստը իր նոր կազմին միացաւ ազատ մարզիկի կարգավիճակով եւ մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը անոր հետ կնքեց պայմանագրութիւն մը, յայտնեց ակումբին պաշտօնական կայքը: Նախորդ տարի Մալաքեան մաս կը կազմէր Ժեթիսուի (Ղազախստան), որուն հետ կատարեց 28 մրցում` նշանակելով 2 կոլ: Փերթոլուլ այժմ 21-րդ...

Տենիս Թումասեան Տեղափոխուեցաւ Ալաշկերտ Եւ Յոյս Ունի Հրաւիրուիլ Հայաստանի Հաւաքական

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան կազմերէն Ալաշկերտի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ խումբին միացաւ ռուսահայ յետսապահ Տենիս Թումասեան: Անոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2020 օգոստոս: 33 տարեկան Թումասեան հայկական կազմին միացաւ լքելով իր կազմը` Ուֆան, որ հանդէս կու գայ Ռուսիոյ ֆութպոլի «Փրեմիեր-լիկ»-ի ախոյեանութեան մէջ: Ան յայտնեց, որ թէեւ առաջարկներ ստացաւ շարք մը ակումբներէ, սակայն ընտրեց Ալաշկերտը` տեսնելէ ետք, թէ ակումբի փոխնախագահ...

Գեղասահք. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Սպանացի Խաւիէ Ֆեռնանտես Ախոյեան` Յաջորդաբար Եօթներորդ Տարին Ըլլալով

Պիելոռուսիոյ մայրաքաղաք Մինսքի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի գեղասահքի ախոյեանութեան, 27 տարեկան սպանացի Խաւիէ Ֆեռնանտես պաշտպանեց ախոյեանի տիտղոսը: Այսպիսով, աշխարհի կրկնակի ախոյեանը յաջորդաբար եօթներորդ տարին ըլլալով, հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան: Փոխախոյեան հանդիսացաւ Ալեքսանտր Սամարին (Ռուսիա), իսկ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Մաթէօ Ռիցօ (Իտալիա): Այս մարզաձեւին մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչը` Սլաւիկ Հայրապետեան, կարճ ծրագիրին մէջ գրաւելով 26-րդ դիրքը, իրաւունք չէր ստացած ազատ ծրագիրին (24 մասնակից)...

Թենիսի Միջազգային Նոր Դասաւորում. Ճոքովիչ Եւ Օսաքա` Առաջին. Ֆետերեր Նահանջեց, Գասպարեան Յառաջդիմեց

Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնը երէկ հրապարակեց տղոց եւ աղջկանց աշխարհի միջազգային նոր դասաւորումը: Աւստրալիոյ կրան շլեմի տղոց տիտղոսակիրը` սերպ Նովաք Ճոքովիչ մնաց առաջին, իր տրամադրութեան տակ ունենալով վարկանշային 10,955 կէտ: Անոր ետին երկրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ (8320), իսկ երրորդ դիրքին վրայ է (նախապէս` չորրորդ) գերմանացի Ալեքսանտր Զվերեւ (6475): Զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր 3-րդ դիրքէն նահանջեց 6-րդ դիրք (4600):...

«Էն. Պի. Էյ.».  Ուեսթպրուք Եւ Տոնքիչ` Թրիփըլ-Տապըլի Հեղինակ

«Էն. Պի. Էյ.». Ուեսթպրուք Եւ Տոնքիչ` Թրիփըլ-Տապըլի Հեղինակ

Ճէյմս Հարտեն Նշանակեց 40 Կէտ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուած մրցումներուն, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 116-102 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Ֆէոնիքս Սանզին: Յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Հիուսթըն Ռոքեթց, որ 103-98 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Օրլանտօ Մեճիքը: Յաղթական կազմէն Ճէյմս Հարտեն նշանակեց 40 կէտ: Ռասըլ Ուեսթպրուք (թիւ 0)` երէկուան մրցումին Ռասըլ Ուեսթպրուք Միլուոքի Պաքսի դէմ իր կազմին` Օքլահոմա...

«Չեմփիընզ Լիկ». Նէյմար Բացակայ` Մանչեսթըր Եունայթըտի Դէմ Տեղի Ունենալիք Մրցումէն

Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենին մաս կազմող պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար վնասուածքի պատճառով պիտի չմասնակցի անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի դէմ «Չեմփիընզ լիկ»-ի 1-16 հանգրուանի երթի մրցումին, որ տեղի պիտի ունենայ 12 փետրուարին, յայտնեց «Պի. Պի. Սի.»-ն: 26 տարեկան ֆութպոլիստը վնասուածք ստացաւ Սթրազպուրկի դէմ տեղի ունեցած Ֆրանսայի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին ընթացքին: Սակայն ան բաւական ապաքինած ըլլալով, ներկայ պիտի ըլլայ դարձի մրցումին, որ տեղի պիտի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Արձանագրեց Տարեշրջանի Իր 8-րդ  Յաղթանակը` 87-65 Արդիւնքով Պարտութեան  Մատնելով Իր Հիւրը` Աթլասը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Արձանագրեց Տարեշրջանի Իր 8-րդ Յաղթանակը` 87-65 Արդիւնքով Պարտութեան Մատնելով Իր Հիւրը` Աթլասը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան  12-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 27 յունուարին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ-ի տղոց կազմը հիւրընկալեց Աթլասը: ՀՄԸՄ այս մրցումէն առաջ արձանագրած էր 7 յաղթանակ եւ կրած 2 պարտութիւն, մինչ Աթլաս` ճիշդ հակառակը: Նախքան մրցումին մանրամասնութիւններուն անցնիլը նշենք, որ անոր ազդանշանին տրուելէն առաջ, ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Շեպիպէ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս` 41-86

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 4-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, շաբաթ, 26 յունուարին, Շեպիպէ Սաժես Ժըտէյտէի դաշտին վրայ հիւրընկալեց Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիասի կազմը: ՀՄԸՄ, որ ցարդ անպարտելի միակ խումբն է, արձանագրեց այլ յաղթանակ մը` այս անգամ 86-41 արդիւնքով (9-20, 9-23, 14-23 եւ 9-20): ՀՄԸՄ-ի յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ Հուփս: Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 3 փետրուարին:

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  Պըրժ – ՀՄԸՄ` 4-0

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Պըրժ – ՀՄԸՄ` 4-0

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի մրցումները տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին, երբ կատարուեցան 12-րդ հանգրուանի վեց մրցումները: ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը, որ Պհամտունի դաշտին վրայ մրցեցաւ պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պըրժի դէմ, կրեց 4-0 արդիւնքով պարտութիւն մը: Ինչպէս ծանօթ է, դարձի մրցումներուն ՀՄԸՄ-ի մարզիչ նշանակուեցաւ խումբի անցեալի մարզիկ Վաչէ Սարգիսեանը: Մրցումէն ետք հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունենալով Սարգիսեանի հետ, իմացանք, որ...

Պասքեթպոլ. 12 Տարեկանէն Վար Լիբանանի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ղոսթա` 58-11

Նախորդ շաբաթավերջին «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ) սկսաւ Լիբանանի տղոց 12 տարեկանէն վար (2007-2008-ի ծնունդ) պասքեթպոլի ախոյեանութիւնը, որ առաջին անգամ ըլլալով տեղի կ՛ունենայ` կազմակերպութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին: Այս ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի կազմը` իրեն մարզիչ ունենալով Վարդուկ Մարգարեանը: ՀՄԸՄ-ի մարզիկները բացառիկ խաղարկութիւն մը ներկայացնելով արձանագրեցին իրենց առաջին յաղթանակը` 58-11 արդիւնքով (կիսախաղ` 48-9), իրենց մրցակիցին` Ղոսթայի...

Պասքեթպոլ. Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ – Գէորգ Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի Տղոց Խումբին Չորրորդ Յաղթանակը

Քասլիքի Ս. հոգի համալսարանի դպրոցական խաղերուն իր մասնակցութիւնը բերող, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ - Գէորգ Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի պասքեթպոլի տղոց խումբը նախորդ շաբաթավերջին յաջողեցաւ քիչ մը դժուար, բայց կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրել, երբ կէտի մը տարբերութեամբ` 34-33 արդիւնքով պարտութեան մատնեց «Այ. Սի.» վարժարանը: Հայկական վարժարանի խումբին համար (որ այս խաղերուն հայկական միակ վարժարանն է) ասիկա եղաւ յաջորդական չորրորդ յաղթանակը: Այս...

Page 741 of 1278 1 … 740 741 742 … 1,278

Արխիւներ