Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 4-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, շաբաթ, 26 յունուարին, Շեպիպէ Սաժես Ժըտէյտէի դաշտին վրայ հիւրընկալեց Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիասի կազմը:
ՀՄԸՄ, որ ցարդ անպարտելի միակ խումբն է, արձանագրեց այլ յաղթանակ մը` այս անգամ 86-41 արդիւնքով (9-20, 9-23, 14-23 եւ 9-20):
ՀՄԸՄ-ի յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ Հուփս: Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 3 փետրուարին: