Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 12-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Պէյրութ, որ Շիահի իր մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Սաժեսը, արձանագրեց 89-66 արդիւնքով յաղթանակ մը:

Այս պարտութիւնը Սաժեսի համար եղաւ տարեշրջանի 10-րդը` ցարդ միայն մէկ յաղթանակի կողքին:
Պէյրութէն Քուինսի Տուպի նշանակեց 28 կէտ, մինչ Ալի Հայտար տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (25 կէտ, 16 ռիպաունտ): Իսկ Սաժեսէն Ազիզ Ապտելմասիհ եւ Սապահ Խուրի նշանակեցին 17-ական կէտ: