Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցած յատուկ երեկոյի մը ընթացքին Լիբանանի լողարշաւի ֆետերասիոնը կատարեց 2018 տարուան մրցանակաբաշխութիւնը:

Ֆետերասիոնի նախագահ Թոնի Նասսար շնորհաւորելով բոլոր մրցանակակիրները, անոնց մաղթեց նորանոր նուաճումներ, թէ՛ տեղական եւ թէ՛ միջազգային մակարդակներու վրայ:
Այս առիթով մարզիչի երկրորդ եւ երրորդ կարգի վկայագիրներ տրուեցան բոլոր անոնց, որոնք ֆետերասիոնին դասընթացքներուն յաջողած էին:
Նախքան մրցանակաբաշխութիւնը, տեղի ունեցաւ ֆետերասիոնին տարեկան համագումարը` ներկայութեամբ 20 ակումբներու (ընդամէնը` 25 ակումբէ):
Ժողովականները վաւերացուցին ֆետերասիոնին 2018 տարուան աշխատանքներուն ճշգրտութիւնը, վարչական եւ ելեւմտական տեղեկագիրները, ինչպէս նաեւ հրապարակեցին 2019 տարուան յայտագիրը: