Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ տեղի ունեցող Ասիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին, կիսաւարտականի հանգրուանին արձանագրուած արդիւնքներուն լոյսին տակ, Քաթար եւ Ճափոն ապահովեցին աւարտականի իրենց տոմսերը: Անոնք ուրբաթ, 1 փետրուարին կը մրցին իրարու դէմ:

Քաթար առաջին անգամ ըլլալով հասաւ աւարտականին` 4-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք մրցաշարքը հիւրընկալած խումբին, որ իր այս մրցումը աւարտեց տասը մարզիկով, երբ Իսմայիլ Ահմետ վերջին վայրկեանին կարմիր քարտ ստացաւ:
Օրուան իրաւարարն էր մեքսիքացի Սեզար Ռամոս:
Իսկ Ճափոն 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Իրանի դէմ:
Օրուան իրաւարարն էր աւստրալիացի Քրիս Պիթ:


