Մարզական

Թենիս.  Ճոքովիչ Եւ Օսաքա Տիտղոսակիր` Աւստրալիոյ Մէջ

Թենիս. Ճոքովիչ Եւ Օսաքա Տիտղոսակիր` Աւստրալիոյ Մէջ

Երէկ` կիրակի, 27 յունուարին, Մելպուրնի մէջ (Աւստրալիա) աւարտեցաւ 2019 տարուան թենիսի առաջին կրան-շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքը: Աշխարհի եւ մրցաշարքին թիւ 1 դասուած մարզիկը` սերպ Նովաք Ճոքովիչ, որ աւարտականին ճակատեցաւ 3-րդ դասուած սպանացի Ռաֆայէլ Նատալի դէմ, արձանագրեց 6-3, 6-2 եւ 6-3 արդիւնքով բաւական հանգիստ յաղթանակ մը: Այս մրցումը տեւեց 2 ժամ 6 վայրկեան: Այսպիսով, 31 տարեկան Ճոքովիչ եօթներորդ անգամն ըլլալով (մրցանիշ...

Ճատրակ. Լեւոն Արոնեան Յաղթեց Անգլիացի Նայճըլ Շորթին

Ճիպրալթարի մէջ տեղի ունեցող «Ճիպրալթար Մասթըրզ»-ի միջազգային մրցաշարքի ծիրին մէջ (10 հանգրուան), երէկ հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան 6-րդ հանգրուանին իր կատարած մրցումին սեւ քարերով յաղթեց անգլիացի կրանտմասթըր Նայճըլ Շորթին` արձանագրելով իր 4-րդ յաղթանակը: Այս մրցումը աւարտեցաւ 52-րդ շարժումին: 6-րդ հանգրուանէն ետք, այժմ Արոնեան, որ ապահոված է 5 կէտ, 6 ուրիշներու հետ կը գլխաւորէ առաջին դիրքը: Այս հանգրուանին Հրանդ Մելքումեան սեւ...

Հոլանտական Ֆութպոլ. Նորայր Ասլանեան` Կոլի Հեղինակ

Հոլանտայի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 19-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Քաթվիյք, որ հիւրընկալեց Տէ Թրեֆերսը, արձանագրեց 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Յաղթական կազմին երկրորդ կոլը նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին միջնապահ Նոյրայր Ասլանեան (73-րդ): 27 տարեկան Ասլանեան, որ նշանակեց այս տարեշրջանի իր չորրորդ կոլը, իր նշանակած այդ կոլէն մէկ վայրկեան ետք փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը:

«Քալչիօ». Ռոնալտօ Փենալթիով Նշանակեց Եուվենթուսի Յաղթանակի Կոլը

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 21-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, գործող ախոյեան, դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող եւ ցարդ անպարտելի Եուվենթուս երէկ գիշեր արձանագրեց քիչ մը դժուար յաղթանակ մը, երբ 2-1 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Լացիօ Ռոմայի դաշտէն: Եուվէի յաղթանակի կոլը նշանակեց փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, մրցումին աւարտէն 2 վայրկեան առաջ` փենալթիով: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Եուվենթուս այժմ ունի 11 կէտի առաւելութիւն...

«Լա Լիկա». Առաջին Չորս Դիրքերը Գրաւող Խումբերը` Յաղթական

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 21-րդ հանգրուանի մրցումներուն, առաջին չորս դիրքերը գրաւող խումբերը, յաջորդաբար` Պարսելոնա, Աթլեթիքօ Մատրիտ, Ռէալ Մատրիտ եւ Սեւիլլա, յաղթանակներ արձանագրեցին: Անոնց այս յաղթանակներուն շնորհիւ անոնց միջեւ կէտերու տարբերութիւնը մնաց անփոփոխ: Պարսելոնա, որ հիւրն էր Կիրոնայի, արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Լիոնել Մեսսի նշանակեց իր կազմին 2-րդ կոլը (68-րդ): Աթլեթիքօ Մատրիտ նոյն արդիւնքով յաղթեց Կեթաֆէին: Անթուան Կրիզման նշանակեց...

«Լիկ-1». Մոնփելիէ Ընդհատեց 5 Մրցումի Առանց Յաղթանակներու Իր Շարքը

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լիկ-1»-ի 22-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Մոնփելիէ ընդհատեց 5 մրցումի առանց յաղթանակներու իր շարքը, երբ 2-0 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Քանի (17-րդ): Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին յետսապահ Միշել Տէր Զաքարեանի գլխաւորած խումբը իր կոլերը նշանակեց 51-րդ եւ 59-րդ վայրկեաններուն: Մոնփելիէ այժմ 35 կէտով կը գրաւէ 6-րդ դիրքը: Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Փարիզ Սեն Ժերմեն շարունակեց մնալ անպարտելի միակ...

«Պունտըսլիկա».  Տորթմունտ Առաջին` Վեց Կէտի Տարբերութեամբ

«Պունտըսլիկա». Տորթմունտ Առաջին` Վեց Կէտի Տարբերութեամբ

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 19-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Պորուսիա Տորթմունտ ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` 5-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով նախավերջին դիրքին վրայ գտնուող Հանովըր-96-ը: Այժմ Տորթմունտ 6 կէտի առաւելութեամբ կը գերազանցէ գործող ախոյեան Պայէրն Միւնիխը, որ 4-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Շթութկարթը: Ռոպերթ Լեւանտովսքի նշանակեց Պայէրնի վերջին կոլը (84-րդ):  

Հարցազրոյց` Լիբանանի Ֆութպոլի Բ. Դասակարգի Ախոյեանութեան Դարձի Մրցումներուն Նախօրեակին

«Փափաքս Է, Որ Քննադատութիւններու Փոխարէն Կատարուին Քաջալերանքի Խրախուսիչ Խօսքեր» «Ազդակ»-ին Ըսաւ Վաչէ Սարգիսեան Հարցազրոյցը Վարեց` ՎԱՐԴԻՎԱՌ ԳԱՍԱՊԵԱՆ Ինչպէս յայտնի է արդէն, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը այս տարեշրջանին այդքան ալ փայլուն արդիւնքներ չ՛արձանագրեր, այս պատճառով ալ խումբը կը գտնուի Գ. դասակարգ փոխադրուելու վտանգին տակ: Մեկնելով այս իրողութենէն, «Ազդակ» յատուկ հարցազրոյց մը ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի անցեալի մարզիկ Վաչէ Սարգիսեանին հետ, որ Բ....

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Պըրժ

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 12-րդ եւ դարձի առաջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 26 յունուարին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը կը մրցի Պըրժի դէմ: Այս մրցումը, որ սկիզբ պիտի առնէ յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին, տեղի պիտի ունենայ Պհամտունի դաշտին վրայ: Թէեւ երթի մրցումներուն ՀՄԸՄ արձանագրեց ոչ այդքան լաւ արդիւնքներ, սակայն այժմ խումբին համար կը սկսի նոր հանգրուան մը: Պարտութիւններու այդ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար` 29-35

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ – Աթլաս

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 12-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 27 յունուարին, ՀՄԸՄ-ի կազմը կը մրցի Աթլասի դէմ: Այս մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 17:00-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ: ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը, իսկ խումբին մարզիկներէն` ամէն գնով յաղթանակ մը արձանագրել, ցուցադրելով տպաւորիչ ելոյթ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Պիպլոս – ՀՄԸՄ` 79-80

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Շեպիպէ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 4-րդ հանգրուանին մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 26 յունուարին, Լիբանանի գործող ախոյեան` ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը մրցի Շեպիպէի դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Սաժես Ժըտէյտէի դաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 17:30-ին: ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կը սպասուի ուղղուիլ դաշտ, քաջալերելու համար ՀՄԸՄ-ի կազմը: Նշենք, որ ՀՄԸՄ Անթիլիաս ցարդ անպարտելի միակ խումբն է:  

Ճատրակ. Ճիպրալթարի Մրցաշարք. Արոնեանի Երկրորդ Յաղթանակը

Ճիպրալթարի մէջ տեղի ունեցող, ճատրակի Ճիպրալթար - Մասթըրզի միջազգային մրցաշարքին Գ. հանգրուանին ծիրին մէջ, հայկական ճատրակի յառաջատար` Լեւոն Արոնեան արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը` ճերմակ քարերով յաղթելով սպանացի կրանտմասթըր Ֆերնանտօ Խոսէ Քուենքա Խիմենեսին: Արոնեան, որ ցարդ անպարտելի է, Դ. հանգրուանին պիտի մրցի իրանցի կին ճատրակ խաղացող` Սարասատաթ Հատեմալշարեհի դէմ: Հայաստանի մէկ այլ ներկայացուցիչը` Հրանդ Մելքումեան, այս հանգրուանին, ճերմակ քարերով հաւասարութիւն մը...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը

Այսօր` Լացիօ Ռոմա - Եուվենթուս Վաղը` Էսփանիոլ - Ռէալ Մատրիտ Այս շաբաթավերջին կատարուելիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, Լացիօ Ռոմա - Եուվենթուս, Էսփանիոլ - Ռէալ Մատրիտ, ինչպէս նաեւ այլ ճակատումներ պիտի ըլլան բաւական հետաքրքրական: Ստորեւ` մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով. փակագիծերուն մէջ` խումբերուն գրաւած դիրքերը).  

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք. Նատալ – Ճոքովիչ Աւարտականի Տաք Ճակատում

Մելպուռնի մէջ (Աւստրալիա), այս շաբաթավերջին կ՛աւարտի 2019 տարուան թենիսի առաջին կրան-շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքը, երբ տեղի կ՛ունենան տղոց եւ աղջկանց աւարտականի ճակատումները: Աւարտականին հասնող վերջին մարզիկը հանդիսացաւ աշխարհի թիւ 1 դասուած (նոյնպէս այս մրցաշարքին), սերպ Նովաք Ճոքովիչ, որ երէկ 6-0, 6-2 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց ֆրանսացի Լուքաս Փուիլի դէմ (28-րդ): Աւարտականին Ճոքովիչ իր դէմ պիտի ունենայ 2-րդ դասուած,...

Մարչելլօ Լիփի Ներկայացուց Իր Հրաժարականը

Իտալացի ֆութպոլի անուանի մասնագէտ Մարչելլօ Լիփփի, երէկ ներկայացուց իր հրաժարականը, ըսելով, որ չ՛ուզեր շարունակել մարզիչի իր պաշտօնը` Չինաստանի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ, այս մասին յայտնեց երկրին ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Նշենք, որ անոր կազմը նախանցեալ օր դուրս մնաց Ասիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքէն` քառորդ աւարտականին 3-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք Իրանէն: 70 տարեկան Լիփփի, որ հոկտեմբեր 2016-ին նշանակուած էր Չինաստանի...

Մոնաքօ Ժամանակաւորապէս Կասեցուց Հանրիի Լիազօրութիւնները

Ֆրանսայի ֆութպոլի Ա. դասակարգին մէջ գոյատեւելու համար պայքար մղող Մոնաքօ, հաղորդագրութեան մը մէջ նշեց, որ ժամանակաւորապէս կասեցուց խումբի մարզիչ Թիերի Հանրիի լիազօրութիւնները: Ակումբի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնակատար նշանակուեցաւ Ֆրանք Փասի: Իշխանապետական կազմը այժմ բանակցութիւններու մէջ է, որ Լէոնարտօ Ժարտիմի վերադառնայ իր պաշտօնին: Նշենք, որ երէկ աւելի ուշ, «Նիս Մաթեն» յայտարարեց, որ Մոնաքօ` Հանրիին պիտի վճարէ 10-15 միլիոն եւրօ փոխհատուցում, անոր պայմանագրութիւնը...

Պասքեթպոլ. Շարպել Ռըզք Լիբանանի Ներկայացուցիչը` Արեւմտեան Ասիոյ Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնին Մօտ

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ֆետերասիոնի նախկին ընդհանուր քարտուղար եւ այժմ ֆետերասիոնի անդամ Շարպել Ռըզք նշանակուեցաւ Լիբանանի ներկայացուցիչը` Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մօտ, 7 փետրուարին Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընտրութիւններուն գծով: 1980-ին ծնած Շարպել Ռըզք այժմ իրաւաբաններու սենտիքայի ակումբին փոխնախագահն է: Անոր ճիգերով է, որ այս ակումբը տարիներ առաջ հիմնուած է:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Շանվիլ – Ռիատի

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 12-րդ հանգրուանի բացման ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 25 յունուարին, երեկոյեան ժամը 19:00-ին, Տիք Մըհտիի շրջանին մէջ գտնուող իր դաշտին վրայ Շանվիլ կը հիւրընկալէ Ռիատին: Հիւրընկալ կազմը արձանագրած է 8 յաղթանակ եւ կրած 2 պարտութիւն, մինչ մէկ պարտութիւն կրած Ռիատի արձանագրած է 9 յաղթանակ: Կը կարծուի, որ մրցումը պիտի ըլլայ հետաքրքրական` նկատի ունենալով, որ պայքարը...

Շաբաթ, 26 Յունուարին Լիբանանի Լողարշաւի Ֆետերասիոնը Կը Կատարէ 2018 Տարուան Մրցանակաբաշխութիւնը

Լիբանանի լողարշաւի ֆետերասիոնը յատուկ հաղորդագրութեան մը ընդմէջէն տեղեկացուց, որ շաբաթ, 26 յունուարին, երեկոյեան ժամը 19:30-ին, Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) պիտի կատարէ 2018 տարուան մրցանակաբաշխութիւնը: Սակայն նախքան այս մրցանակաբաշխութիւնը, նոյն վայրին մէջ տեղի պիտի ունենայ ֆետերասիոնին համագումարը, երեկոյեան ժամը 17:30-ին: Եթէ պատահեցաւ, որ ժողովականներուն թիւը մեծամասնութիւն չեղաւ (կէսէն նուազ), շաբաթ, 2 փետրուարին, նոյն վայրին մէջ եւ նոյն ժամուն տեղի...

Ճատրակ. Հայկ Մ. Մարտիրոսեան` Արագ Ճատրակի Հայաստանի Ախոյեան

Արագ ճատրակի Հայաստանի ախոյեանի կոչումը նուաճեց Հայկ Մ. Մարտիրոսեան, որ առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովեց 7,5 կէտ: Փոխախոյեան հանդիսացաւ Շանթ Սարգսեան, որ ախոյեանէն ետ մնաց կէս կէտով: Իսկ երրորդ հանդիսացաւ Արամ Յակոբեան` 6,5 կէտով: Ան լրացուցիչ ցուցանիշներով գերազանցեց 6 ուրիշներու, որոնք եւս ապահոված էին 6,5-ական կէտ: Դասական ճատրակի Հայաստանի ախոյեանութեան, Մարտիրոսեան չէր կրցած պաշտպանել տիտղոսը` հանդիսանալով փոխախոյեան: Ախոյեան հանդիսացած էր Արման...

Page 742 of 1278 1 … 741 742 743 … 1,278

Արխիւներ