Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Դ. դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերած խումբերէն Շեպիպէ Զղարթա, որ յաջողեցաւ հասնիլ ֆայնըլ-ֆորի մրցումներուն եւ անոնց աւարտին գրաւել երրորդ դիրքը, յաջողեցաւ բարձրանալ Գ. դասակարգ:
Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին ֆետերասիոնին մօտ անդամագրուած 96 ակումբներ:
Ակումբի նախագահ Իզապել Մաարաուի շնորհաւորեց խումբին մարզիկները` ձեռք բերուած այս յաջողութեան համար` յոյս յայտնելով, որ յառաջիկային կը յաջողին յաւելեալ յաջողութիւններ ձեռք ձգել:
Յայտնենք, որ խումբին մարզիչն է Զիատ Մրատ:



