Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի մրցումները տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին, երբ կատարուեցան 12-րդ հանգրուանի վեց մրցումները:
ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը, որ Պհամտունի դաշտին վրայ մրցեցաւ պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պըրժի դէմ, կրեց 4-0 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Ինչպէս ծանօթ է, դարձի մրցումներուն ՀՄԸՄ-ի մարզիչ նշանակուեցաւ խումբի անցեալի մարզիկ Վաչէ Սարգիսեանը:
Մրցումէն ետք հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունենալով Սարգիսեանի հետ, իմացանք, որ թէեւ խումբը լաւ ձեւով սկսաւ իր առաջին մրցումին եւ առաջին կէս ժամուան ընթացքին լաւ ներկայացում մը ունեցաւ, սակայն նկատի ունենալով, որ Պըրժի նման մրցակիցի մը դէմ մրցիլը այս հանգրուանին քիչ մը դժուար նկատուեցաւ, կ՛ակնկալուի, որ յառաջիկայ մրցումներուն կացութիւնը կը շտկուի եւ խումբը աւելի լաւ արդիւնքներ կ՛արձանագրէ:
Սարգիսեան աւելցուց, որ Պըրժի օտարականները կը նկատուին բարձր մակարդակի խաղացողներ: Բացի ատկէ, անիկա իր կազմին միացուցած է Ա. դասակարգի խումբերէն ելոյթ ունեցող լիբանանցի երեք ֆութպոլիստներ:
Վաչէ Սարգիսեան աւելցուց, որ Պըրժի համակիրները, որոնք եղան մեծաթիւ` թրիպիւնին վրայ, իրենց կարեւոր դերը ունեցան արձանագրուած այս յաղթանակին մէջ: Բացի ասկէ, ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն մօտ ցարդ զգալի է ֆիզիքական պատրաստութեան պակասը: