Նախորդ շաբաթավերջին «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ) սկսաւ Լիբանանի տղոց 12 տարեկանէն վար (2007-2008-ի ծնունդ) պասքեթպոլի ախոյեանութիւնը, որ առաջին անգամ ըլլալով տեղի կ՛ունենայ` կազմակերպութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին:
Այս ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի կազմը` իրեն մարզիչ ունենալով Վարդուկ Մարգարեանը:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկները բացառիկ խաղարկութիւն մը ներկայացնելով արձանագրեցին իրենց առաջին յաղթանակը` 58-11 արդիւնքով (կիսախաղ` 48-9), իրենց մրցակիցին` Ղոսթայի դէմ: