Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան կազմերէն Ալաշկերտի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ խումբին միացաւ ռուսահայ յետսապահ Տենիս Թումասեան: Անոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2020 օգոստոս:
33 տարեկան Թումասեան հայկական կազմին միացաւ լքելով իր կազմը` Ուֆան, որ հանդէս կու գայ Ռուսիոյ ֆութպոլի «Փրեմիեր-լիկ»-ի ախոյեանութեան մէջ:
Ան յայտնեց, որ թէեւ առաջարկներ ստացաւ շարք մը ակումբներէ, սակայն ընտրեց Ալաշկերտը` տեսնելէ ետք, թէ ակումբի փոխնախագահ Կիմ Առաքելեան ի՛նչ ձեւով կ՛աշխատի:
Ան ըսաւ, թէ պիտի տայ իր առաւելագոյնը, որպէսզի շուտով միանայ Հայաստանի ազգային հաւաքականին, որուն արդէն իսկ թեկնածու է: