Լիբանանի ֆութսալի բաժակի մրցաշարքի 2018-2019 տարեշրջանի Ա. հանգրուանի ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 30 յունուարին, ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը կը մրցի Ներքին ապահովութեան ուժերու խումբին դէմ:
Այս մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 22:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Սատաքայի դաշտին վրայ:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը, իսկ խումբին մարզիկներէն` ամէն գնով յաղթանակ արձանագրել եւ անցնիլ Բ. հանգրուան, մանաւանդ որ մրցաշարքը տեղի կ՛ունենայ նաքաութի դրութեամբ:



