Քասլիքի Ս. հոգի համալսարանի դպրոցական խաղերուն իր մասնակցութիւնը բերող, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ – Գէորգ Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի պասքեթպոլի տղոց խումբը նախորդ շաբաթավերջին յաջողեցաւ քիչ մը դժուար, բայց կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրել, երբ կէտի մը տարբերութեամբ` 34-33 արդիւնքով պարտութեան մատնեց «Այ. Սի.» վարժարանը:
Հայկական վարժարանի խումբին համար (որ այս խաղերուն հայկական միակ վարժարանն է) ասիկա եղաւ յաջորդական չորրորդ յաղթանակը:
Այս խաղերը տեղի կ՛ունենան յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով` կազմակերպութեամբ «Սփորթց-Մանիա» ընկերութեան: