Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենին մաս կազմող պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար վնասուածքի պատճառով պիտի չմասնակցի անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի դէմ «Չեմփիընզ լիկ»-ի 1-16 հանգրուանի երթի մրցումին, որ տեղի պիտի ունենայ 12 փետրուարին, յայտնեց «Պի. Պի. Սի.»-ն:
26 տարեկան ֆութպոլիստը վնասուածք ստացաւ Սթրազպուրկի դէմ տեղի ունեցած Ֆրանսայի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին ընթացքին:
Սակայն ան բաւական ապաքինած ըլլալով, ներկայ պիտի ըլլայ դարձի մրցումին, որ տեղի պիտի ունենայ 6 մարտին:



