Մարզական

Քասլիքի Ս. Հոգի Համալսարանի Դպրոցական Խաղեր. Մրցումները Կը Շարունակուին Երկրորդ Ամիսն Ըլլալով

Յաջորդաբար երկրորդ ամիսն ըլլալով, Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանի դպրոցական խաղերը, որոնք տեղի կ՛ունենան յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով, կը շարունակուին բաւական մեծ խանդավառութեամբ` մասնակցութեամբ 25 վարժարաններու, պասքեթպոլի, ֆութպոլի, փինկ փոնկի եւ պետմինթընի խումբերուն: Բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատումէ մը ետք աւարտեցաւ պասքեթպոլի մրցումներէն մէկը, որուն ընթացքին Լուէյզի 90-74 արդիւնքով յաղթեց Մար Եուսեֆ Քըրնեթ Շեհուանի: Այլ հետաքրքրական մրցումի մը ընթացքին, Շանվիլի ֆութպոլի...

Մինի Ֆութպոլ.  Հինգշաբթի, 7 Փետրուարին` 2018 Տարեշրջանի Փակման Հանդիսութիւնը

Մինի Ֆութպոլ. Հինգշաբթի, 7 Փետրուարին` 2018 Տարեշրջանի Փակման Հանդիսութիւնը

Լիբանանի մինի ֆութպոլի ֆետերասիոնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ հինգշաբթի, 7 փետրուարին, «Լանքասթըր» պանդոկին մէջ (Հազմիէ) տեղի պիտի ունենայ 2018 տարեշրջանի փակման հանդիսութիւնը, ինչպէս նաեւ մրցանակաբաշխութիւնը: Երեկոյեան ժամը 17:00-ին սկսելիք փակման այս հանդիսութեան ընթացքին, պիտի հրապարակուի նաեւ 2019 տարեշրջանի յայտագիրը:

Սպանիոյ Մէջ. Վար Համակարգին Դէմ Բողոքի Ցոյց

Ռէալ Վայատոլիտի համակիրները բողոքի ցոյց մը կատարեցին Սելթա Վիկոյի դէմ տեղի ունեցած «Լա լիկա»-ի 21-րդ հանգրուանի մրցումին ընթացքին: «Մարքա»-ի համաձայն, 16 հազար հանդիսատեսները թրիպիւններուն վրայ ցուցադրած են կարմիր քարտեր` իրենց բողոքը արտայայտելով տեսակրկնապատկերներու ՎԱՐ համակարգին դէմ: Սուլոցներով տեղի ունեցած այս բողոքի ցոյցը տեւած է 2 վայրկեան: Այս մրցումին Ռէալ Վայատոլիտ յաղթեց 2-1 արդիւնքով:

Ալվարօ Մորաթթա Միացաւ Աթլեթիքօ Մատրիտին

Լոնտոնեան Չելսիի եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Ալվարօ Մորաթթա միացաւ Աթլեթիքօ Մատրիտին: Անգլիական ակումբը որոշեց 26 տարեկան ֆութպոլիստը մինչեւ 2019-2020 տարեշրջանին աւարտը փոխ տալ սպանական ակումբին: Ոչ պաշտօնական տուեալներով, պայմանագրութեան մէջ նախատեսուած է 40-45 միլիոն եւրօ` անոր փոխանցման իրաւունքը ապագային ձեռք ձգելու համար: Ան 2017-ի ամրան Ռէալ Մատրիտէն միացած էր Չելսիին: Ան մինչեւ 2022 պայմանագրութիւն մը ստորագրած է լոնտոնեան...

«Էն. Պի. Էյ.» Սմիթ Ճէյ. Ար. Եւ Եոքիչ` Թրիփըլ-Տապըլի Հեղինակ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան ութ ճակատումներ: Մինեսոթա Վուլվզ երկարաձգումէն ետք 99-97 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց իր հիւրին` Մեմֆիս Կրիզլիզի դէմ: Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց Եութա Ճեզի դէմ` 132-105 արդիւնքով: Պլէյզըրզէն Տեմիըն Լիլարտ նշանակեց 36 կէտ: Տենվըր Նակեթց 105-99 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Նիւ Օրլինզի դաշտէն: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Նիքոլա Եոքիչ թրիփըլ-տապըլ մը...

Պարսելոնայի Միջնապահը Փոխ Տրուեցաւ Արսենալին

Սպանիոյ ախոյեան Պարսելոնայի միջնապահ Տենիս Սուարես այս տարեշրջանին երկրորդ կէսը ելոյթ պիտի ունենայ լոնտոնեան Արսենալէն, մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը փոխ տրուելէ ետք անգլիական ակումբին: Նախքան Սուարեսը Արսենալին փոխ տալը, Պարսելոնա անոր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց մինչեւ յուլիս 2021: Նշուեցաւ, որ վարձակալութեան պայմանագիրի աւարտէն ետք, Արսենալ կարելիութիւն կ՛ունենայ 20 միլիոն եւրօ վճարելով գնելու 25 տարեկան սպանացիին փոխանցման իրաւունքը: Վարձակալութեան ընթացքին ֆութպոլիստին աշխատավարձքը պիտի...

Իտալական Ֆութպոլ. Եուվենթուս Դուրս Մնաց Բաժակի Մրցաշարքէն

Իտալիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին, քառորդ աւարտականի մրցումներուն ծիրին մէջ, Եուվենթուս Աթալանթայի դաշտին վրայ 3-0 արդիւնքով քիչ մը ծանր պարտութիւն մը կրելէ ետք դուրս մնաց մրցաշարքէն: Քոլոմպիացի Տուվան Սափաթա տուպլէ մը իրագործեց (39-րդ եւ 86-րդ), մինչ առաջին կոլը նշանակած էր Թիմոթի Քասթան (37-րդ): Կիսաւարտականին Աթալանթա իր դէմ պիտի ունենայ Ֆիորենթինան, որ 7-1 արդիւնքով յաղթեց Ա. Էս. Ռոմային:

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն` Երկարաձգումէն Ետք 3-1 Արդիւնքով Պարտութիւն Մը Կրելէ Ետք Սաֆայէն

Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի մրցումները ամբողջացան երէկ, երբ տեղի ունեցան յայտագիրին վրայ գտնուող վերջին չորս մրցումները: ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը, որ Պհամտունի դաշտին վրայ մրցեցաւ Ա. դասակարգի կազմերէն Սաֆայի դէմ, երկարաձգումէն ետք 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք անկէ, դուրս մնաց մրցաշարքէն: Մրցումին 90 վայրկեանները աւարտեցան 1-1 հաւասարութեամբ: Ա. կիսախաղին ՀՄԸՄ գերազանցեց իր մրցակիցը` շնորհիւ Յակոբ Նաճարեանի նշանակած...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար` 29-35

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Հուփս – ՀՄԸՄ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 13-րդ հանգրուանի բացման մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 31 յունուարին, Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ հիւրը կ՛ըլլայ Հուփսի: Այս մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 19:30-ին, տեղի պիտի ունենայ Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ (Պաուշրիէ): Սկզբունքով այս մրցումը տեղի պիտի ունենար վաղը` ուրբաթ, 1 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին: Սակայն նկատի ունենալով, որ նոյն ժամուն տեղի պիտի...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Շապապ Մաժտալ Այնճարի Դէմ Սահմանուեցան Բաւական Զօրաւոր Պատիժներ

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, քննարկելէ ետք իր օրակարգին վրայ եղող հարցերը, տուաւ համապատասխան որոշումներ, վաւերացուց նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքները, ինչպէս նաեւ հրապարակեց այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը: Կրտսերներու ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ-ի կազմը, որ մաս կը կազմէ Գ. խմբակին, բաւական ծանր պարտութիւն մը կրեց Շարքէն` 14-1 արդիւնքով: Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 13-րդ...

Արտասահմանի Մէջ Հանդէս Եկող Հայ Խաղացողները Պիտի Նպաստեն Հայաստանի Աղջկանց Ֆութպոլի Հաւաքականի Ստեղծման

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը մեծ աշխատանք կը տանի Հայաստանի աղջկանց ազգային հաւաքականը ձեւաւորելու գծով, այս մասին յայտնեց ֆետերասիոնի նախագահ Արթուր Վանեցեանի խորհրդականը` Զոհրապ Եգանեան: Նշուեցաւ, որ 2019 սեպտեմբերէն ետք աղջկանց Ա. եւ Բ. դասակարգերուն մէջ խումբերուն թիւը պիտի աւելնայ: Այժմ երկու խմբակներուն մէջ կը խաղան 6-ական խումբեր: Առաջինին պարագային պիտի ըլլան նուազագոյնը 8 խումբեր, իսկ երկրորդին մէջ` 10: Աշխատանքները մեծ թափով...

Վիարէալ Պաշտօնանկ Ըրաւ Իր Մարզիչը

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա-լիկա»-ի մէջ բաւական ոչ համոզիչ ելոյթներ ունեցող եւ այժմ 18 կէտով նախավերջին դիրքին վրայ գտնուող Վիարէալ պաշտօնանկ ըրաւ իր մարզիչը` Լուիս Կարսիա Փլասան, յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 46 տարեկան Փլասայի պայմանագրութիւնը նախատեսուած էր մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը: Ան 10 դեկտեմբեր 2018-ին խումբի մարզիչ նշանակուելով մինչեւ նախորդ շաբաթավերջ կատարեց շուրջ տասը մրցում: Ան իր կազմին հետ արձանագրեց միայն...

Մեհտի Պենաթիա Հեռացաւ Եուվենթուսէն

Մարոքցի յետսապահ Մեհտի Պենաթիա իր ակումբը` Եուվենթուսը լքելով տեղափոխուեցաւ Քաթար, ուր միացաւ Տուհայլ խումբին, յայտնեց իտալական ակումբին պաշտօնական կայքը: 31 տարեկան ֆութպոլիստին այս փոխանցումը քաթարեան կազմին արժեց 8 միլիոն եւրօ: Շատ հաւանական է, որ ան իր լաւ ներկայացումներուն շնորհիւ ստանայ յաւելեալ 2 միլիոն եւրօ պարգեւավճար: Ան 2016-ին Պայէրն Միւնիխէն տեղափոխուած էր Եուվենթուս:  

Ճատրակ. Վլատիմիր Քրամնիք Աւարտեց Իր Ասպարէզը

Ռուս կրանտմասթըր, աշխարհի ճատրակի 14-րդ ախոյեան Վլատիմիր Քրամնիք երէկ պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ կ՛աւարտէ իր արհեստավարժ ասպարէզը: 43 տարեկան Քրամնիք ըսաւ, թէ քանի մը ամիս առաջ չէր ընդուներ այս որոշումը, սակայն այժմ կու գայ վերջ մը դնելու իր արհեստավարժ ասպարէզին: Քրամնիք 2000-ին հռչակուեցաւ աշխարհի ախոյեան` յաղթելով Կերի Գասպարովին, եւ ան աշխարհի ախոյեանութեան տիտղոսակիրն էր մինչեւ 2007: Իսկ Ռուսիոյ կազմին հետ ան...

«Ֆորմիւլա-1». Լուիս Հեմիլթըն` Ամէնէն Շատ Աշխատավարձք Գանձողը

«Ֆորմիւլա-1»-ի 2019 տարեշրջանի նախօրեակին, հրապարակուեցաւ ախոյեանութեան մասնակցող վարորդներուն գանձելիք աշխատավարձքերը, որոնք անոնք պիտի ստանան իրենց ակումբներէն: Ամէնէն շատ աշխատավարձքը պիտի գանձէ աշխարհի գործող ախոյեան, «Մերսետես»-ի անգլիացի վարորդ Լուիս Հեմիլթըն (57 միլիոն ամերիկեան տոլար): «Ֆեռարի»-ի վարորդին` Սեպասթիան Վեթելի գանձելիք գումարը պիտի ըլլայ 45 միլիոն ամերիկեան տոլար: Աւելի ցած դիրքերու վրայ գտնուող վարորդներուն գանձելիք գումարը պիտի ըլլայ 20 միլիոն ամերիկեան տոլարէն վար:...

Անգլիական Ֆութպոլ. Օպամեյանկի Նոր Մրցանիշը` «Փրեմիեր Լիկ»-ին Մէջ

Արսենալին մաս կազմող, կապոնցի յառաջապահ Փիեռ-Էմերիք Օպամեյանկ կոլի հեղինակ դառնալով Քարտիֆի դէմ կատարուած Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Փրեմիեր լիկ») 24-րդ հանգրուանի մրցումին, լոնտոնեան կազմին հետ յաջողեցաւ նշանակել իր 25-րդ կոլը: Ասիկա նկատուեցաւ նոր մրցանիշ մը` նկատի ունենալով, որ ան հանդիսացաւ առաջին ֆութպոլիստը, որ «Փրեմիեր-լիկ»-ին մէջ կը նշանակէ 25 կոլ: Նախկին մրցանիշը կը պատկանէր դարձեալ Արսենալին մաս կազմող այլ մարզիկի մը` ֆրանսացի...

«Էն. Պի. Էյ.» Ռոքեթց Եւ Լէյքըրզ Պարտուեցան Իրենց Դաշտերուն Վրայ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան եօթը մրցումներ: Հիուսթըն Ռոքեթց, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Նիւ Օրլինզը, 5 կէտի տարբերութեամբ` 121-116 արդիւնքով պարտուեցաւ անկէ: Ռոքեթցէն Ճէյմս Հարտեն նշանակեց 37 կէտ: Պրենտըն Ինկրամ Իր կարգին, Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզէն իր դաշտին վրայ պարտութիւն մը կրեց Լոս Անճելըս Լէյքըրզ (121-105): Լէյքըրզէն Պրենտըն Ինկրամ նշանակեց 36 կէտ: Օրլանտոյի մէջ, Մեճիք 126-117 արդիւնքով...

Դահուկարշաւ. Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Հայաստան

Երէկ` երեքշաբթի, 29 յունուարին, Լիբանանի դահուկարշաւի մէկ պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Հայաստան` իր մասնակցութիւնը բերելու համար փոքր երկիրներու դահուկարշաւի մրցաշարքին: Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Եուսեֆ Շամել Խալիլ, պատուիրակութեան պատասխանատուն է Նաժի Խալիլ, մարզիչը` Առնօ Ռինիօ, իսկ մարզիկները` Էլիսա Ժորժ, Ինկրիտ Ասուատ, Լիզա Ռաֆայէլ, Լուքաս Քէյրուզ, Ֆուատ Միշել Սատեր, Ռէյ Իսքանտար եւ Ռոլան Խալիլ: Դահուկարշաւի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ կազմակերպուած այս մրցաշարքը Լիբանանի համար...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Սաֆա

Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան շարք մը ճակատումներ, որոնց ընթացքին մեծագոյն յաղթականը եղաւ Նըժմէ, որ ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը` 6-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Թաքատտոմ Անքունի: Սալամ Զղարթա յաղթեց Շապապ Ղազիէին (3-2), իսկ Ախա Ահլի Ալէյ` Ահտի Նապաթիէին: Մնացեալ մրցումները կը շարունակուին այսօր` չորեքշաբթի, 30 յունուարին: ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը, յաջորդաբար երկրորդ անգամն ըլլալով, իր...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր Կը Սկսի Աղջկանց Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան 2018-2019 Տարեշրջանը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ուրբաթ, 1 Փետրուարին Կը Սկսի 13-րդ Հանգրուանը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 13-րդ հանգրուանը կը սկսի ուրբաթ, 1 փետրուարին, երբ տեղի կ՛ունենան երկու ճակատումներ: Մնացեալ մրցումները կը կատարուին շաբաթավերջին: Ստորեւ` յայտագիրը. ՈՒՐԲԱԹ, 1 ՓԵՏՐՈՒԱՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ Հուփս - ՀՄԸՄ 18:00 Միշել Մըր Ռիատի - Պէյրութ 18:00 Մանարա ՇԱԲԱԹ, 2 ՓԵՏՐՈՒԱՐ     Մութթահետ - Աթլաս 17:00 Թրիփոլի ԿԻՐԱԿԻ, 3 ՓԵՏՐՈՒԱՐ     Պիպլոս - Շանվիլ 17:00...

Page 740 of 1278 1 … 739 740 741 … 1,278

Արխիւներ