Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնի նախագահ Արթուր Գէորգեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած նիստին ընթացքին քննարկուեցան շարք մը հարցեր:
Նկատի ունենալով, որ հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Դաւիթ Թորոսեան բաւական ծանրաբեռնուած է, որոշուեցաւ, որ ան այսուհետեւ պիտի զբաղի արհեստավարժ մարզիկները մարզելով:
Հայաստանի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը վստահուեցաւ գիւմրեցի Ռուդիկ Մկրտչեանին, որ մինչ այդ կը կատարէր հաւաքականի գլխաւոր մարզիչի օգնականի պարտականութիւնները:
Հաւաքականի երկրորդ մարզիչ նշանակուեցաւ Վահան Ադիլխանեան, որ նախապէս եղած էր հաւաքականի գլխաւոր մարզիչի օգնականը: