Սաժես Պէյրութի ակումբը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ խումբը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ մօտերս սկսելիք 18 տարեկանէն վար Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան:

Նշուեցաւ, որ այդ փորձերուն մասնակցիլ ուզող մարզիկները պէտք չէ մաս կազմած ըլլան որեւէ ակումբի եւ իրենց ստորագրութիւնները չկան որեւէ խումբի տոմարներուն վրայ:
Այս փորձերը տեղի պիտի ունենան երեքշաբթի, 29 եւ չորեքշաբթի, 30 յունուարին, Ղազիրի դաշտին վրայ, երեկոյեան ժամը 17:00-էն սկսեալ:
Այլ գետնի վրայ, Սաժեսի նորընտիր վարչութիւնը իր գումարած մէկ ժողովին կատարեց պաշտօններու բաժանում:
Պասքեթպոլի յանձնախումբի նախագահ նշանակուեցաւ Ժորժ Պարաքեթ, իսկ ֆութպոլի յանձնախումբինը` Քամիլ Սաատէ:
Մարզական բաժանմունքի եւ ծանուցումի բաժինի պատասխանատու նշանակուեցաւ մարզական լրագրող Էլի Նասսար, իսկ համակիրներու յանձնախումբի գլխաւոր պատասխանատու նշանակուեցաւ Ժոզեֆ Միխայիլ: