Մարզական

Հայաստանի Սամպոյի Ախոյեանները

Նախորդ շաբաթավերջին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի տղոց սամպոյի 2019-ի ախոյեանութիւնը: 9 դասակարգերու մրցումներուն մասնակցեցան Երեւանէն, Արցախէն եւ Հայաստանի տարբեր շրջաններէն զօրաւորագոյն մարզիկները, յայտնեց Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի կայքը: Հայաստանի ախոյեան դարձան Տիգրան Կիրակոսեան (52 քկ), Գրիգոր Մխիթարեան (57 քկ), Մաքսիմ Մանուկեան (62 քկ), Ռաֆիկ Մանուկեան (68 քկ), Ռոպերթ Գաբրիէլեան (74 քկ), Վահագն Չալեան (82 քկ), Էդիկ Պետրոսեան (90 քկ),...

Դանիական Ֆութպոլ. Էտկար Բաբայեան` Կոլի Հեղինակ

Դանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 25-րդ հանգրուանին, Հոպրօ իր դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Միթիուլանտէն: 51-րդ վայրկեանին արդիւնքը հաւասարեցուց հիւրընկալ կազմէն` Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ Էտկար Բաբայեան, որ մասնակցեցաւ ամբողջ մրցումին: Այսպիսով, 23 տարեկան Բաբայեան Դանիոյ ընթացիկ ախոյեանութեան ընթացքին նշանակեց իր երկրորդ կոլը: Ան կատարած է նաեւ 3 էսիսթ: Նախորդ շաբաթավերջին ան հրաւիրուեցաւ Հայաստանի հաւաքական` իր մասնակցութիւնը բերելու համար...

«Էն. Պի. Էյ.». Ուորիըրզ Պարտուեցաւ Իր Հիւրէն` Սանզէն, 115-111 Արդիւնքով

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան 9 մրցումներ: Երկրին գործող ախոյեանը` Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, 115-111 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` Ֆէոնիքս Սանզէն: Յաղթական կազմէն Տեւին Պուքըր նշանակեց 37 կէտ, մինչ Ուորիըրզէն Քլէյ Թոմսըն` 28 կէտ: Էլֆրիտ Փէյթըն Նիւ Օրլինզէն Էլֆրիտ Փէյթըն թէեւ թրիփըլ-տապըլ մը իրագործեց (15 կէտ, 10 ռիպաունտ, 10 էսիսթ), բայց անոր կազմը 123-116...

Աղջկանց Պասքեթպլ.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս` Լիբանանի Աղջկանց Բաժակակիր

Աղջկանց Պասքեթպլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս` Լիբանանի Աղջկանց Բաժակակիր

ՀՄԸՄ Անթիլիաս Հանդիսացաւ Լիբանանի Բաժակակիր` 67-50 Արդիւնքով Յաղթելէ Ետք Ռիատիին Շաբաթ, 9 մարտին, Ղազիրի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց բաժակի մրցաշարքի 2018-2019 տարեշրջանի աւարտական մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ մրցեցան ՀՄԸՄ Անթիլիաս եւ Ռիատի Պէյրութ: Լիբանանի գործող ախոյեանը` ՀՄԸՄ Անթիլիաս, տիրացաւ տիտղոսին, իր մրցակիցին յաղթելով 17 կէտի բաւական մեծ տարբերութեամբ մը` 67-50 արդիւնքով (13-10, 16-13, 21-16 եւ 17-11):...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ – Սաժես` 3-5

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 18-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան չորս ճակատումներ: ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը, որ Սաֆայի մարզադաշտին վրայ մրցեցաւ Սաժեսի դէմ, 5-3 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց անկէ: ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Սարգիս Ազնաւուր (21-րդ), Սեմի Պիայ (60-րդ) եւ Սերժ Օսքեան (72-րդ): Օրուան իրաւարարներն էին` Մոհամետ Հատտատ, Ահմետ Համմուտա եւ Ապտելքատեր Ապտալլա, իսկ չորրորդ իրաւարարը` Ահմետ Աուտի: Իր...

Ֆութսալ. Շատրա Ռիատի – ՀՄԸՄ Պէյրութ` 5-2

Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 10 մարտին, ՀՄԸՄ Պէյրութ Արզի դաշտին վրայ (Մինա, հիւսիս) մրցեցաւ Շատրա Ռիատիի դէմ: Մրցումը աւարտեցաւ 5-2 արդիւնքով` ի նպաստ Շատրայի: ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Միքայէլ Նորաշխարհեան (26-րդ) եւ Ներսէս Գիւլոհեան (35-րդ):

Պիչ-Ֆութպոլ. Լիբանանի Ազգային Խումբը Ապահովեց Քառորդ Աւարտականի Իր Տոմսը

Թայլանտի մէջ տեղի ունեցող Ասիոյ Պիչ-ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Լիբանանի տղոց ազգային խումբը, շարունակելով իր տպաւորիչ ելոյթներու շարքը, այս անգամ բաւական ծանր պարտութեան մատնեց Խըրխըզիստանը` 11-2 արդիւնքով: Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Լիբանան ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը, թէեւ տակաւին մրցում մը ունի կատարելիք Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն դէմ:

Ըմբշամարտ. Վազգէն Թեւանեան Եւրոպայի 23 Տարեկանէն Վար Ոսկի Մետալակիր

Սերպիոյ Նովի Սատ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ազատ ոճի ըմբշամարտի 23 տարեկանէն վար ախոյեանութեան 65 քկ դասակարգի մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչ Վազգէն Թեւանեան տիրացաւ ոսկի մետալին, յայտնեց Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի պաշտօնական կայքը: Ան աւարտականին պարտութեան մատնեց վրացի Էտեմի Պոլքվածէն` արձանագրելով 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Թեւանեան, որ օգոստոս 2018-ին Հռոմի մէջ (Իտալիա) հանդիսացած էր Եւրոպայի երիտասարդական ախոյեան, կիսաւարտականին նոյն արդիւնքով...

Ըմբիշ Խաչատուր Պապիկեան Դարձած Է Եւրոպայի Ախոյեանութեան Պրոնզէ Մետալակիր

Ազատ ոճի ըմբշամարտի Հայաստանի երիտասարդ խումբի անդամ Խաչատուր Պապիկեան դարձած է Եւրոպայի 23 տարեկաններու ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` Սերպիոյ մէջ ընթացող Եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեանութեան 74 քիլոկրամ դասակարգի պրոնզէ մետալի համար գօտեմարտին մէջ Պապիկեան յաղթեց 10-3 արդիւնքով:

«Լա Լիկա». Պարսելոնա Ամրապնդեց Պարագլուխի Իր Դիրքը

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 27-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Պարսելոնա, որ հիւրընկալեց Ռայօ Վայեքանոն, ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` արձանագրելով 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Անոր կոլերը նշանակեցին Ժերար Փիքէ (38-րդ), Լիոնել Մեսսի (51-րդ` փենալթիով) եւ Լուիս Սուարեզ (82-րդ): Մրցումին ներկայ եղան 74 հազար հանդիսատեսներ: Մեսսի, որ քաթալոնական ակումբին հետ կատարեց իր 443-րդ մրցումը, գերազանցեց Անտրես Ինիեսթան (442 մրցում): Պարսելոնայի պատմութեան մէջ...

«Էն. Պի. Էյ.» Լէյքըրզ Պարտուեցաւ, Հակառակ Լեպրոն Ճէյմսի Թրիփըլ- Տապըլին

«Էն. Պի. Էյ.»- պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած վեց ճակատումներուն, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ իր դաշտին վրայ 120-107 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Պոսթըն Սելթիքսէն: Լէյքըրզէն թրիփըլ-տապըլի հեղինակ դարձաւ Լեպրոն Ճէյմս (30 կէտ, 10 ռիպաունտ, 12 էսիսթ): Մինեսոթա Վուլվզ երկարաձգումէն ետք 135-130 արդիւնքով յաղթեց Ուաշինկթըն Ուիզըրտծին: Յաղթական կազմէն Քարլ-Անթոնի Թաունզ նշանակեց 30 կէտ: Ցարդ փլէյ-օֆի իրենց տոմսերը ապահոված են միայն...

2022-ի Մոնտիալ. Կարգ Մը Մրցումներ Կրնան Տեղի Ունենալ Քուէյթի Եւ Օմանի Մէջ

«ՖԻՖԱ»-ին նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինօ` անդրադառնալով Քաթարի մէջ տեղի ունենալիք 2022-ի մոնտիալին` ըսաւ, որ կարգ մը մրցումներ կրնան տեղի ունենալ Քուէյթի կամ Օմանի մէջ: «Քուէյթ եւ Օման փափաք յայտնած են օգնել Քաթարի մրցումներու կայացման գծով: Պէտք չէ մոռնալ այն, որ 2022-ի մոնտիալին առաջին անգամ ըլլալով մասնակցող խումբերուն թիւը պիտի բարձրանայ 48-ի, փոխան` 32-ի: Այս մրցաշարքին ընդլայնումը կը պահանջէ, որ մրցումներէն ոմանք...

Ռանիերի` Ա. Էս. Ռոմայի Նոր Մարզիչ

Իտալացի մասնագէտ Քլաուտիօ Ռանիերի նախորդ շաբաթավերջին նշանակուեցաւ Ա. Էս. Ռոմայի գլխաւոր մարզիչ: Կողմերը իրարու հետ պայմանագրութիւն մը կնքեցին մինչեւ ընթացիկ տարեշրջանին աւարտը: Ռանիերիի նախկին ակումբը եղած էր անգլիական Ֆուլհեմ ակումբը, որուն հետ ան պաշտօնավարած էր նոյեմբեր 2018-էն փետրուար 2019:

«Պունտըսլիկա». Պայէրն Միւնիխ Պարագլուխի Դիրքը Խլեց Պորուսիա Տորթմունտէն

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 25-րդ հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, որոնք տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին, երկրին գործող ախոյեանը` Պայէրն Միւնիխ, իր հինգերորդ յաջորդական յաղթանակը արձանագրելով, պարագլուխի դիրքը խլեց Պորուսիա Տորթմունտէն: Պայէրն, որ 6-0 արդիւնքով յաղթեց Վոլֆսպուրկին, իր ունեցած կոլ-էվըրէյճին շնորհիւ գերազանցեց Պորուսիա Տորթմունտը, որ 3-1 արդիւնքով յաղթեց Շթութկարթին: 75 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, Ռոպերթ Լեւանտովսքի նշանակեց 2 կոլ (37-րդ եւ 85-րդ):...

Ռէալ Մատրիտ 350 Միլիոն Եւրօ Պիտի Առաջարկէ Նէյմարի Համար

Ըստ սպանական մամուլին, ամրան ընթացքին Ռէալ Մատրիտ 350 միլիոն եւրօ պիտի առաջարկէ ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի պրազիլցի յառաջապահ Նէյմարի համար: Արքայական ակումբը պատրաստ է անոր վճարելու տարեկան 45 միլիոն եւրօ աշխատավարձք: 27 տարեկան ֆութպոլիստը այս առնչութեամբ ըսաւ. «Ես երջանիկ եմ փարիզեան կազմին հետ, սակայն ինծի ի՛նչ կը սպասէ ապագային` չեմ գիտեր: Ռէալ Մատրիտը աշխարհի լաւագոյն ակումբներէն մէկն է»:

Հաղորդագրութիւն

Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ակումբներու ախոյեանութեան գծով որդեգրուած նոր օրէնքին մասին ՀՄԸՄ-ի կողմէ հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսէն ետք, անցեալ շաբթուան ընթացքին կատարուեցան շարք մը յայտարարութիւններ, որոնք վարկաբեկիչ էին ՀՄԸՄ-ի եւ անոր համակիրներուն համար, ինչպէս նաեւ ցեխարձակումի կ՛ենթարկէին Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնի գործադիր տնօրէն Յակոբ Խաչերեանը: ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շրջանային վարչութիւնը խստիւ կը դատապարտէ հեռատեսիլի կայաններէն կամ ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն հնչած ու արձանագրուած վարկաբեկիչ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պարտուեցաւ Շանվիլէն` 96-80 Արդիւնքով

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ` ուրբաթ, 8 մարտին Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ մրցեցաւ Շանվիլի դէմ այս վերջինին դաշտին` Տիք Մըհտիի մէջ: Բաւական կարեւորութիւն ունեցող այս մրցումին Շանվիլի համակիրները դաշտը լեցուցած էին ամբողջութեամբ` քաջալերելու համար իրենց կազմը, մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք այն, որ երկու կազմերը կը մրցէին երթուդարձի մրցումները աւարտելու պարագլուխի դիրքին վրայ, ինչ որ...

Ֆութսալ.  Այսօր` Դրամատուներու Աւարտական Մրցումը

Ֆութսալ. Վաղը` Շատրա Ռիատի – ՀՄԸՄ Պէյրութ

Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի տղոց կազմը կը մեկնի հիւսիս, ուր պիտի մրցի Շատրա Ռիատի խումբին դէմ: Այս մրցումը, որ պիտի սկսի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Արզի դաշտին վրայ (Մինայի շրջան): Մնալու համար յառաջատար դիրքերու վրայ, ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը պէտք է ամէն գնով յաղթական վերադառնայ հիւսիսէն:

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ Վաղը` ՀՄԸՄ – Սաժես

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 18-րդ հանգրուանին բացման մրցումին, երէկ, Թրիփոլիի մէջ, Իժթիմահի հիւրընկալեց Պըրժը: Պըրժ ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` արձանագրելով 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Ուասիմ Ապտելհատի (25-րդ) եւ Սամիր Ալիի (54-րդ` սխալմամբ իր բերդէն ներս): Ինչ կը վերաբերի շաբաթավերջի մրցումներուն, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը իր մրցումը կը կատարէ վաղը` կիրակի, երբ Սաֆայի դաշտին վրայ կը...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ռիատի Պէյրութ Աղջկանց Բաժակի Մրցաշարքի Աւարտական

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց բաժակի մրցաշարքի աւարտական ճակատումը` ՀՄԸՄ Անթիլիասի եւ Ռիատի Պէյրութի միջեւ, տեղի պիտի ունենայ այսօր` շաբաթ, 9 մարտին, երեկոյեան ժամը 20:00-ին, Ղազիրի դաշտին վրայ: ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ Ղազիրի դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը: ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն համար տրամադրուած պիտի ըլլան փոխադրակառքեր, որոնք երեկոյեան ժամը 18:30-ին Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակէն, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրէն, ինչպէս նաեւ Ֆանարի եւ Ռաուտայի ակումբներէն...

Page 726 of 1279 1 … 725 726 727 … 1,279

Արխիւներ