Մարզական

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Վաղը` Արսենալ – Մանչեսթըր Եունայթըտ

Եւրոպական Ֆութպոլ. Վաղը` Արսենալ – Մանչեսթըր Եունայթըտ

Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, շարք մը մրցումներ պիտի ըլլան հետաքրքրական: Անոնց կարգին` Արսենալ - Մանչեսթըր Եունայթըտ ճակատումը: Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով. փակագիծերուն մէջ` անոնց գրաւած դիրքերը).  

Արտասահմանի Մէջ Հանդէս Եկող 14 Ֆութպոլիստներ Հրաւիրուեցան Ազգային Հաւաքական

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արմէն Գյուլբուդաղեանց Պոսնիոյ եւ Ֆինլանտայի դէմ տեղի ունենալիք Եւրօ-2020-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքի մրցումներուն համար ազգային խումբ հրաւիրեց արտասահմանի մէջ խաղացող 14 ֆութպոլիստներ: Այս մասին տեղեկացուց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Այդ 14-ին մէջ է նաեւ 31 տարեկան յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան, որ ներկայիս որեւէ ակումբի մաս չի կազմեր: Հաւաքական հրաւիրուեցաւ նաեւ, արժանթինեան, Աթլեթիքօ Հուրաքանի...

Ա. Էս. Ռոմա Պաշտօնանկ Ըրաւ Իր Մարզիչը

Իտալական Ա. Էս. Ռոմայի գլխաւոր մարզիչ Էօզեպիօ Տի Ֆրանչեսքօ պաշտօնանկ եղաւ ակումբին ղեկավարութեան կողմէ: Այս մասին տեղեկացուց խումբին պաշտօնական կայքը: Ակումբը այս որոշումին յանգեցաւ, երբ Ա. Էս. Ռոմա, պարտուելով Փորթոյէն, դուրս մնաց «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքէն: Նշենք, որ 49 տարեկան Տի Ֆրանչեսքօ իր պաշտօնը ստանձնած էր 2017-ին: Ըստ իտալական մամուլին, Ա. Էս. Ռոմայի յաջորդ մարզիչը պիտի ըլլայ իտալացի Քլաուտիօ Ռանիերի:

Պասքեթպոլ. Աքրամ Հալապի Եւ Ղազի Պուսթանի Տուին Միացեալ Մամլոյ Ասուլիս Մը

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին նախագահ Աքրամ Հալապի եւ Լիբանանի պասքեթպոլի ազգային խումբերու ընդհանուր տնօրէն Ղազի Պուսթանի` ներկայութեամբ ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Թոնի Խալիլի, տուին յատուկ մամլոյ ասուլիս մը` ներկայութեամբ մեծ թիւով մարզական լրագրողներու: PROFOTO Ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ (Ժալ Էլ Տիպ) տեղի ունեցած այս մամլոյ ասուլիսին, Հալապի ըսաւ, թէ իրենք ֆետերասիոնը ստանձնեցին անոր դժուարին օրերուն, իսկ կուտակուած պարտքերը բաւական թեթեւցուցին: Լիբանանի տղոց ազգային...

Նարեկ Փանոսեան Հանդիսացաւ Երրորդ` «Ձիւնէ-Կօշիկ»-ի Միջազգային Մրցաշարքին

Նարեկ Փանոսեան Հանդիսացաւ Երրորդ` «Ձիւնէ-Կօշիկ»-ի Միջազգային Մրցաշարքին

Նախորդ շաբաթավերջին Լիբանանի մէջ տեղի ունեցաւ բաւական իւրայատուկ իրադարձութիւն մը: Դահուկարշաւէն բացի, տեղի ունեցաւ նաեւ «ձիւնէ-կօշիկ»-ի («Սնօ-ռէյս») միջազգային մրցում մը: Անիկա սկիզբ առաւ Ֆարայայէն եւ աւարտեցաւ Զաարուրի մէջ: Անոր մասնակցողները ունեցան ամոռանալի եւ յիշատակելի օր մը: «Փաթրուիլ Տէ Սետր»-ի հետ գործակցաբար, այս մրցումին կազմակերպման մէջ իրենց օժանդակութիւնը բերին նաեւ լիբանանեան բանակը եւ Պէյրութի միջազգային մարաթոնը: Յիշատակելի եղաւ նաեւ այն, որ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր Կը Սկսի Աղջկանց Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան 2018-2019 Տարեշրջանը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Շանվիլ – ՀՄԸՄ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 8 մարտին, Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ կը մրցի Շանվիլի դէմ: Այս մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 19:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Տիք Մըհտիի մէջ: Ինչպէս ծանօթ է, միայն հիւրընկալ խումբին համակիրները կրնան ուղղուիլ դաշտ` երկու կազմերու համակիրներուն միջեւ որեւէ հարց չստեղծուելու համար, ըստ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին օրէնքին: ՀՄԸՄ-ի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր Կը Սկսի Աղջկանց Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան 2018-2019 Տարեշրջանը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Աղջկանց Աւարտականի Մրցումներուն Յայտագիրը Հրապարակուեցաւ

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ հրապարակեց աղջկանց ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանի աւարտական մրցումներուն յայտագիրը, ուր իրարու դէմ կը մրցին ՀՄԸՄ Անթիլիաս եւ Ռիատի Պէյրութ: Հինգ մրցումէ երեք յաղթանակ արձանագրող խումբը կը հանդիսանայ Լիբանանի ախոյեան: Ստորեւ` մրցումներուն յայտագիրը. ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 14 ՄԱՐՏ ԺԱՄ ԴԱՇՏ ՀՄԸՄ Անթիլիաս - Ռիատի 18:00 «Աղբալեան» ԿԻՐԱԿԻ, 17 ՄԱՐՏ     Ռիատի - ՀՄԸՄ Անթիլիաս 20:00 Մանարա ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ,...

Պիչ-Ֆութպոլ.Լիբանանի Ազգային Խումբի Յաղթական Մեկնարկը

Թայլանտի մէջ տեղի ունեցող Ասիոյ պիչ-ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ Լիբանանի ազգային խումբը ունեցաւ յաղթական մեկնարկ մը, երբ բացման մրցումին յաջողեցաւ պարտութեան մատնել Չինաստանը` 5-3 արդիւնքով, բաւական տպաւորիչ ելոյթ մը ունենալէ ետք: Լիբանան, որ ցարդ երկու մրցում եւս ունի կատարելիք, մեծ յոյսեր ունի անցնելու յաջորդ հանգրուան: Ասիոյ ախոյեանութեան առաջին եւ երկրորդ հանդիսացողները, ինչպէս նաեւ երրորդ դիրքի մրցումին յաղթականը իրենց մասնակցութիւնը...

Ձիավարութիւն. Սուհէյլ Խուրի Վերընտրուեցաւ Ասիոյ Ֆետերասիոնի Փոխնախագահ

Լիբանանի ձիավարութեան ֆետերասիոնի նախագահ, հանգստեան կոչուած հազարապետ-զօրավար Սուհէյլ Խուրի վերընտրուեցաւ Ասիոյ ձիավարութեան ֆետերասիոնի փոխնախագահ, Քաթարի մէջ տեղի ունեցած Ասիոյ ֆետերասիոնի համագումարին ընթացքին: Ան պիտի պաշտօնավարէ մինչեւ 2023: Ֆետերասիոնի նախագահ վերընտրուեցաւ քաթարցի Համատ Պըն Ապտելրահման Աթիէ:  

«Եու. Է. Էֆ. Ա.». Հայկական Ակումբներուն Գրաւած Դիրքերը

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի հրապարակած եւրոպական ակումբներու նոր դասաւորման մէջ (450 ակումբ), վերջին երեք տարիներու Հայաստանի ախոյեան` Ալաշկերտ կը գրաւէ 215-րդ դիրքը: Փիւնիկ կը գտնուի 280-րդ դիրքին վրայ, Բանանց` 358-րդ, Շիրակ` 375-րդ, իսկ Գանձասար - Կապան` 402-րդ:

Ճատրակ.  Հայաստանի Աղջկանց Հաւաքականին Երկրորդ Պարտութիւնը

Ճատրակ. Հայաստանի Աղջկանց Հաւաքականին Երկրորդ Պարտութիւնը

Ասթանայի մէջ (Ղազախստան) տեղի ունեցող աշխարհի ճատրակի խմբային ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի ճակատումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի աղջկանց հաւաքականը երէկ կրեց իր երկրորդ յաջորդական պարտութիւնը, այս անգամ` հնդիկներէն, 2,5-1,5 արդիւնքով: Երրորդ եւ չորրորդ խաղատախտակին վրայ պարտութիւն կրեցին Աննա Մարգարեան եւ Մարիա Գէորգեան, Լիլիթ Մկրտչեան (երկրորդ խաղատախտակ) յաղթանակ արձանագրեց, մինչ առաջին խաղատախտակին վրայ Էլինա Դանիէլեան արձանագրեց հաւասարութիւն մը: Աղջկանց հաւաքականը կը գլխաւորէ Զաւէն...

«Էն. Պի. Էյ.». Լեպրոն Ճէյմսի Կազմը Կրեց Այլ Պարտութիւն Մը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ իր դաշտին վրայ 115-99 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Տենվըր Նակեթցէն: Լէյքըրզէն Լեպրոն Ճէյմս նշանակեց 31 կէտ: Նիւ Եորք Նիքսի դէմ Ֆէոնիքս Սանզի արձանագրած յաղթանակին մէջ (107-96) իր կարեւոր դերը ունեցաւ Տեւին Պուքըր, որ նշանակեց 41 կէտ: Բաւական զօրաւոր ճակատումէ մը ետք, Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 132-123 արդիւնքով յաղթեց...

Պայէրն Միւնիխ Պիտի Երկարաձգէ Լեւանտովսքիի Պայմանագրութիւնը

Ըստ անգլիական «Տը Սան»-ի, Պայէրն Միւնիխ մինչեւ 2023 պիտի երկարաձգէ իր լեհ յառաջապահին` Ռոպերթ Լեւանտովսքիի պայմանագրութիւնը: Ան նախորդ ամրան ընթացքին գրեթէ մօտ էր Պայէրնէն հեռանալուն` նկատի ունենալով, որ Ռէալ Մատրիտ, Մանչեսթըր Եունայթըտ եւ Չելսի փորձեր կատարեցին ձեռք ձգելու համար անոր ստորագրութիւնը: Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») ընթացիկ ախոյեանութեան, 30 տարեկան Լեւանտովսքի 23 մրցումի ընթացքին նշանակեց 15 կոլ:  

Պրազիլիցի Վիլնիուս 2 Ամիսով Բացակայ` Ռէալ Մատրիտէն

Ռէալ Մատրիտին մաս կազմող պրազիլցի յառաջապահ Վիլնիուս, վնասուածքի պատճառով իր կազմէն պիտի բացակայի 2 ամիսով, յայտնեց արքայական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Այս տեղեկութիւնը աւելի յստակացաւ երէկ, երբ բժիշկները այս գծով յայտարարութիւն մը կատարեցին: Ան վիրաւորուեցաւ քանի մը օր առաջ, Այաքս Ամսթերտամի դէմ տեղի ունեցած մրցումին («Չեմփիընզ լիկ»): 18 տարեկան ֆութպոլիստը նախորդ ամառ Ֆլամենկոյէն (Պրազիլ) միացաւ Ռէալ Մատրիտին` փոխան 61 միլիոն եւրոյի:...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. ՀՄԸՄ – Սաժես Մրցումը` Ճիւնիի Ֆուատ Շեհապ Մարզադաշտին Վրայ

Շաբաթասկիզբին Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը գումարեց իր հերթական նիստը: Հրապարակուած յայտագիրին հիմամբ, այս շաբաթավերջին մրցումները տեղի պիտի ունենան ստորեւ տրուած ձեւով. Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 18-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 7 ՄԱՐՏ ԺԱՄ ԴԱՇՏ Շապապ Ղազիէ - Ահտ 14:15 Սայտա ՇԱԲԱԹ, 9 ՄԱՐՏ     Ախա Ահլի Ալէյ - Անսար 16:00 Ճիւնի ԿԻՐԱԿԻ, 10 ՄԱՐՏ     Թրիփոլի - Սաֆա 14:15 Թրիփոլի Պեքաա Ռիատի -...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր Կը Սկսի Աղջկանց Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան 2018-2019 Տարեշրջանը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Շաբաթ, 9 Մարտին` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ռիատի Պէյրութ Աղջկանց Բաժակի Մրցաշարքի Աւարտական

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց բաժակի մրցաշարքի աւարտական ճակատումը` ՀՄԸՄ Անթիլիասի եւ Ռիատի Պէյրութի միջեւ, տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 9 մարտին, երեկոյեան ժամը 20:00-ին, Ղազիրի դաշտին վրայ: ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ Ղազիրի դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը: ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն համար տրամադրուած պիտի ըլլան փոխադրակառքեր, որոնք երեկոյեան ժամը 18:30-ին Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակէն, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրէն, ինչպէս նաեւ Ֆանարի եւ Ռաուտայի ակումբներէն պիտի...

Նարօտ Կիւրիւնլեան` Լիբանանի Մարմնամարզութեան Ախոյեան

Կիրակի, 20 յունուար 2019-ին, «Ճիմպօ» մարմնամարզական դպրոցին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի մարմնամարզութեան տարիքային ախոյեանութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ Զ. դասարանէն Նարօտ Կիւրիւնլեան: Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ Նարօտ` վաստկելով երեք ոսկի եւ մէկ արծաթ մետալներ (տարբեր վարժանքներու մէջ), հանդիսացաւ 2007-2008 ծնունդներու ախոյեան:  

Հայկական Ֆութպոլ

Փիւնիկ Կրեց 3-0 Արդիւնքով Պարտութիւն Մը Ալաշկերտ` Յաղթական Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 21-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, երէկ Փիւնիկ իր սեփական դաշտին վրայ 3-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Արարատ - Արմենիայէն, մինչ պարագլուխի դիրքը գրաւող Ալաշկերտ Աւանի ֆութպոլի ակադեմիայէն յաղթական վերադարձաւ` 4-2 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Գանձասար - Կապանը: Ալաշկերտէն 65-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ մը ստացաւ սերպ բերդապահ Օկընիեն Չանչարեւիչ: Ալաշկերտ...

Ըմբշամարտ. Սլաւիկ Գալստեան` Եւրոպայի 23 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութեան Արծաթէ Մետալակիր

Սերպիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ըմբշամարտի 23 տարեկանէն վար ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի ներկայացուցիչ Սլաւիկ Գալստեան թէեւ 63 քկ դասակարգին մէջ հասաւ աւարտականին, բայց պարտութիւն մը կրելով վրացի իր մրցակից Լեւանի Քավիարացէէն (10-8), տիրացաւ արծաթ մետալին: Ան կիսաւարտականին յաղթած էր ուքրանացի Ալեքսանտր Հրուշինի (13-4):  

Ճատրակ. Հայաստանի Աղջկանց Հաւաքականին Յաղթական Սկիզբը

Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ճատրակի խմբային ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի ծիրին մէջ, Հայաստանի աղջկանց հաւաքականը ունեցաւ յաղթանակ սկիզբ մը, երբ 4-0 արդիւնքով յաղթեց Եգիպտոսին: Խումբը այս մրցումին ներկայացաւ հետեւեալ կազմով. Լիլիթ Մկրտչեան, Աննա Սարգսեան, Մարիա Գէորգեան եւ Սիրանուշ Ղուկասեան: Այլ հանդիպումներու ընթացքին Ռուսիա յաղթեց Ղազախստանին (3-1), Չինաստան` Հունգարիոյ (3,5-0,5), մինչ Միացեալ Նահանգներ - Ուքրանիա, ինչպէս նաեւ Հնդկաստան -...

Page 727 of 1279 1 … 726 727 728 … 1,279

Արխիւներ