Սերպիոյ Նովի Սատ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ազատ ոճի ըմբշամարտի 23 տարեկանէն վար ախոյեանութեան 65 քկ դասակարգի մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչ Վազգէն Թեւանեան տիրացաւ ոսկի մետալին, յայտնեց Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի պաշտօնական կայքը:
Ան աւարտականին պարտութեան մատնեց վրացի Էտեմի Պոլքվածէն` արձանագրելով 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Թեւանեան, որ օգոստոս 2018-ին Հռոմի մէջ (Իտալիա) հանդիսացած էր Եւրոպայի երիտասարդական ախոյեան, կիսաւարտականին նոյն արդիւնքով յաղթեց Մաքսիմ Սաքուլթանին (Մոլտովա):