«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան 9 մրցումներ:
Երկրին գործող ախոյեանը` Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, 115-111 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` Ֆէոնիքս Սանզէն: Յաղթական կազմէն Տեւին Պուքըր նշանակեց 37 կէտ, մինչ Ուորիըրզէն Քլէյ Թոմսըն` 28 կէտ:

Նիւ Օրլինզէն Էլֆրիտ Փէյթըն թէեւ թրիփըլ-տապըլ մը իրագործեց (15 կէտ, 10 ռիպաունտ, 10 էսիսթ), բայց անոր կազմը 123-116 արդիւնքով պարտուեցաւ Աթլանթա Հոքսէն:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Շիքակօ Պուլզ | 131-108 |
Մայեմի Հիթ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ | 104-125 |
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Ինտիանա Փէյսըրզ | 106-89 |
Աթլանթա Հոքս – Նիւ Օրլինզ | 128-116 |
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Օրլանտօ Մեճիք | 105-97 |
Տալաս Մավըրիքս – Հիուսթըն Ռոքեթց | 93-94 |
Մինեսոթա Վուլվզ – Նիւ Եորք Նիքս | 103-92 |
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Միլուոքի Պաքս | 121-114 |
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Ֆէոնիքս Սանզ | 111-115 |