Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 25-րդ հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, որոնք տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին, երկրին գործող ախոյեանը` Պայէրն Միւնիխ, իր հինգերորդ յաջորդական յաղթանակը արձանագրելով, պարագլուխի դիրքը խլեց Պորուսիա Տորթմունտէն:
Պայէրն, որ 6-0 արդիւնքով յաղթեց Վոլֆսպուրկին, իր ունեցած կոլ-էվըրէյճին շնորհիւ գերազանցեց Պորուսիա Տորթմունտը, որ 3-1 արդիւնքով յաղթեց Շթութկարթին:
75 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, Ռոպերթ Լեւանտովսքի նշանակեց 2 կոլ (37-րդ եւ 85-րդ): Նշանակուած այդ վեց կոլերուն մէջ իրենց բաժինը ունեցան նաեւ Խամես Ռոտրիկեզ (52-րդ) եւ Թոմաս Միւլըր (76-րդ):
Իսկ Շթութկարթի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, որուն ներկայ էին 81 հազար հանդիսատեսներ, Տորթմունտի առաջին կոլը նշանակեց Մարքօ Ռէօս (62-րդ` փենալթիով):



