Մարզական

Ճատրակ. Ռուսիա Եւ Չինաստան` Աշխարհի Ախոյեաններ

Ասթանայի մէջ (Ղազախստան) իր աւարտին մօտեցող աշխարհի ճատրակի խմբային ախոյեանութեան վերջին հանգրուանի մրցումներէն առաջ, Ռուսիա եւ Չինաստան ապահովեցին աշխարհի ախոյեանի կոչումը, յաջորդաբար տղոց եւ աղջկանց գծով: 8-րդ եւ նախավերջին հանգրուանին, Ռուսիա 3,5-0,5 արդիւնքով յաղթեց Շուէտին եւ ունեցաւ 14 կէտ: 2-3-րդ դիրքերը բաժնող խումբերը` Անգլիա եւ Հնդկաստան, 3-ական կէտով ետ կը մնան ռուսերէն: Նախապէս Ռուսիա աշխարհի ախոյեան հանդիսացած էր 1997-ին, 2005-ին,...

«Չեմփիընզ-Լիկ». Պարսելոնա – Լիոն` 5-1

Լիվըրփուլ Մրցաշարքէն Դուրս Ձգեց Պայէրն Միւնիխը Երէկ գիշեր «Չեմփիընզ-լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ կատարուեցան երկու ճակատումներ, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ յստակացան քառորդ աւարտականին հասնող վերջին խումբերը: Նկատի ունենալով, որ երթի` Պարսելոնա - Լիոն եւ Պայէրն Միւնիխ - Լիվըրփուլ մրցումներուն որեւէ կոլ չէր նշանակուած, երէկուան երկու ճակատումներն ալ բաւական կարեւոր էին, մանաւանդ այն խումբերուն համար, որոնք իրենց...

«Եւրոպայի Լիկա». Մխիթարեան Կրնայ Բացակայիլ Այսօրուան Դարձի Մրցումէն

«Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումները տեղի կ՛ունենան այսօր եւ անոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ կը յստականան քառորդ աւարտականի իրենց տոմսերը ապահովող 8 խումբերուն անունները: Լոնտոնեան Արսենալը պիտի փորձէ մրցաշարքէն դուրս չմնալ, մանաւանդ որ անիկա երթին Ֆրանսայի մէջ կրեց 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը Ռեննէն: Այս մրցումը պիտի սկսի ժամը 22:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Արսենալի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Հայաստանի ֆութպոլի...

Ռէալ Մատրիտի Առաջին Փորձը` Զիտանի Վերադարձէն Ետք

Երէկ` չորեքշաբթի, 13 մարտին, Ռէալ Մատրիտ Զինետին Զիտանի գլխաւորութեամբ իր առաջին փորձերը կատարեց ֆրանսացի մասնագէտին հետ` իբրեւ գլխաւոր մարզիչ անոր արքայական ակումբ վերադառնալէն ետք: Այս շաբաթավերջին (16 մարտ) արքայական ակումբը կը պատրաստուի Սելթա Վիկոյի դէմ տեղի ունենալիք «Լա լիկա»-ի 28-րդ հանգրուանի մրցումին: Ռէալ Մատրիտ այս տարեշրջանը չուզեց շարունակել արժանթինցի Սանթիակօ Սոլարիի հետ եւ անոր փոխարէն նշանակեց Զիտանը, որ 2016-2018 ժամանակամիջոցին...

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Շաբաթավերջին Դաշտային Խաղերը` Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանի Դաշտին Վրայ

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբը կազմակերպած է դաշտային մրցումները, որոնք տեղի պիտի ունենան շաբաթ, 16 եւ կիրակի, 17 մարտ 2019-ին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի մարզադաշտին վրայ: ՀՄԸՄ-Ի ԼԵՎԱՄ-Ի ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ  

Ֆութպոլ. Դպրոցական Մրցաշարք. Ժամհուր Տիրացաւ Իր Իսկ Կազմակերպած Մրցաշարքի Տիտղոսին

Նախորդ շաբաթավերջին իր աւարտին հասաւ Ժամհուր վարժարանին կազմակերպած ֆութպոլի դպրոցական մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան տասը վարժարաններ: Մրցաշարքը աւարտեցաւ կազմակերպիչ վարժարանին յաղթանակով. անիկա աւարտականին 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Անթունիէն (Պաապտա): Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` կազմակերպիչ վարժարանին եւ այլ վարժարաններու պատասխանատուներուն ձեռամբ:

Դահուկարշաւ. Լիբանանի Ախոյեանութեան 2-րդ Հանգրուանի Մրցումները

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնին եւ հովանաւորութեամբ ԱԼՖԱ ընկերութեան, նախորդ շաբաթավերջին Քֆարզըպիանի մէջ տեղի ունեցան Լիբանանի դահուկարշաւի ախոյեանութեան տղոց, աղջկանց եւ կրտսերներու 2-րդ հանգրուանի մրցումները: Այս մրցումներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 55 երկսեռ մարզիկներ, որոնք կը ներկայացնէին տարբեր ակումբներ եւ միութիւններ: Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Շարպել Սալամէի եւ այլ անդամներու:  

Թրիաթլոն. Էլիաս Պայտուն Միջազգային Ա. Կարգի Վկայագիր Ստացաւ

Ներքին ապահովութեան ուժերու Աւագ Աժիւտան Էլիաս Պայտուն իր մասնակցութիւնը բերաւ Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ տեղի ունեցած Թրիաթլոնի իրաւարարներու միջազգային դասընթացք-քննութիւններուն` հսկողութեամբ միջազգային Թրիաթլոնի ֆետերասիոնին: Անոր ներկայ գտնուեցաւ նաեւ մալեզիացի միջազգային հսկող Էտիլ Շիա: Ան յաջողութեամբ աւարտելով այս դասընթացք-քննութիւնները, ստացաւ միջազգային Ա. կարգի վկայագիր` դառնալով առաջին լիբանանցին, որ կը ստանայ այս վկայագիրը: Լիբանան իր վերադարձին, Էլիաս Պայտուն այցելեց Լիբանանի Թրիաթլոնի ֆետերասիոնի...

Ճատրակ. Աշխարհի Խմբային Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Աղջկանց Հաւաքականը Կը Շարունակէ Իր Ձախող Ելոյթները

Ասթանայի մէջ (Ղազախստան) իր աւարտին մօտեցող ճատրակի աղջկանց աշխարհի խմբային ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի հանդիպումներուն, Հայաստանի աղջկանց հաւաքականը, շարունակելով իր ձախող ելոյթներու շարքը, այս անգամ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Հունգարիոյ հետ: Էլինա Դանիէլեան եւ Աննա Սարգսեան յաղթանակներ արձանագրեցին, իսկ Մարիա Գէորգեան եւ Սիրանուշ Ղուկասեան պարտուեցան: Չինաստան, որ 4-0 արդիւնքով յաղթեց Եգիպտոսին եւ իր տրամադրութեան տակ ունեցաւ 14 կէտ, աւարտէն 2...

Հայկական Ֆութպոլ. 10 Ակումբ Բարձրագոյն Խումբի Ախոյեանութեան Մասնակցելու Արտօնագիր Ստացաւ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ 10 ակումբ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2019-2020 տարեշրջանին մասնակցելու համար (որ կը սկսի օգոստոս 2019-ին) արտօնագիր ստացաւ: Այդ տասը ակումբներն են` Ալաշկերտ, Շիրակ, Փիւնիկ, Գանձասար-Կապան, Բանանց, Արարատ, Արցախ, Արարատ - Արմենիա, Վանաձորի ֆութպոլի ակադեմիա եւ Երեւան: Եունիոր եւ Լոքոմոթիւ այդ արտօնագիրը չստացան` ակումբներու արտօնագրման կանոնակարգին պահանջներուն չհամապատասխանելու պատճառով: Անոնք արդէն բողոքի...

«Չեմփիընզ Լիկ». Ռոնալտոյի Հեթրիքը Եուվենթուսը Հասցուց Քառորդ Աւարտականին

Մանչեսթըր Սիթիի Ջախջախիչ Յաղթանակը Շալքէի Դէմ (7-0) Երէկ գիշեր, «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ տեղի ունեցան երկու ճակատումներ: Իտալիոյ գործող ախոյեանը` Եուվենթուս, որ երթին Սպանիոյ մէջ 2-0 արդիւնքով պարտուած էր Աթլեթիքօ Մատրիտէն, պէտք ունէր նուազագոյնը 3-0 արդիւնքով յաղթանակի մը: Այսպէս ալ պատահեցաւ, եւ Մասիմիլիանօ Ալլեկրիի գլխաւորած խումբը ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը` երեք անպատասխան կոլ...

Զինետին Զիտան Վերադարձաւ Ռէալ Մատրիտ

Ռէալ Մատրիտի ղեկավարութիւնը համաձայնութեան եկաւ ակումբի նախկին ֆրանսացի մարզիչ Զինետին Զիտանի հետ, որ կը վերադառնայ արքայական ակումբ` անգամ մը եւս ստանձնելու խումբին գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը: 46 տարեկան Զիտան, որ այսպիսով փոխարինեց արժանթինցի Սանթիակօ Սոլարին, Ռէալի հետ պիտի մնայ մինչեւ 2022-ի ամառը: 2016-2018 տարիներուն խումբին մարզիչը եղած Զիտան, անոր հետ շահած է ութ տիտղոսներ, որոնց կարգին երեք անգամ` «Չեմփիընզ-լիկ»-ի տիտղոսը: Իտալական...

Լուիս Վան Կաալ Աւարտեց Մարզիչի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Հոլանտացի անուանի մասնագէտ Լուիս Վան Կաալ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին պաշտօնապէս յայտնեց, որ կու գայ վերջ մը դնելու մարզիչի իր արհեստավարժ ասպարէզին: 67 տարեկան Վան Կաալի վերջին ակումբը հանդիսացաւ Մանչեսթըր Եունայթըտը, որուն մարզիչը եղաւ ան 2014-2016 ժամանակամիջոցին: Ան եղած է նաեւ Ազ Ալքմաարի, Այաքս Ամսթերտամի (Հոլանտա), Պարսելոնայի (Սպանիա), Պայէրն Միւնիխի (Գերմանիա) եւ Հոլանտայի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ:

«Էն. Պի. Էյ.». Ուոքըր Նշանակեց 40 Կէտ, Բայց Հոռնեթց Պարտուեցաւ Ռոքեթցէն (118-106)

Քեմպա Ուոքըր «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, թէեւ Քեմպա Ուոքըր նշանակեց 40 կէտ, սակայն անոր կազմը` Շարլոթ Հոռնեթց, 118-106 արդիւնքով պարտուած հեռացաւ Հիուսթըն Ռոքեթցի դաշտէն: Ճէյմս Հարտեն ի նպաստ յաղթական կազմին նշանակեց 28 կէտ: Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 25 կէտի տարբերութեամբ (140-115) պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Պոսթըն Սելթիքսը: Լու Ուիլիամս (Քլիփըրզ) նշանակեց 34 կէտ: Թէեւ...

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ.  Մինի-Ֆութպոլի Մրցումներուն Արդիւնքները

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ . Մինի Ֆութպոլի 2018 – 2019 Տարեշրջան

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբը կազմակերպած էր տարեկան իր մինի ֆութպոլի մրցաշարքը, որ սկսաւ 16 յունուարին եւ աւարտեցաւ ուրբաթ, 8 մարտ 2019-ին, ՀՄԸՄ-ի «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ, Պուրճ Համուտ: Մրցաշարքին մասնակցեցան 12 վարժարաններ` Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ, Ազգային Յառաջ - Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան, Ազգային միացեալ վարժարան, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան երկրորդական վարժարան, Հայ...

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» Ռոժէ Ֆըղալի Տիրացաւ Սփիտ-Թեսթի Առաջին Հանգրուանի Մրցումի Տիտղոսին

Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, նախորդ շաբաթավերջին «Ար. Փի. Էմ.»-ի վազքուղիին վրայ (Մըթէյն) տեղի ունեցաւ Սփիտ-թեսթի առաջին հանգրուանի մրցումը` մասնակցութեամբ 69 ինքնաշարժներու (մրցանիշ մը), ներկայութեամբ մեծ թիւով հանդիսատեսներու: Նշենք, որ Սփիտ-թեսթը կը հանդիսանայ Լիբանանի արագութեան ախոյեանութեան առաջին հանգրուանի մրցումը: Արհեստավարժ վարորդներու մրցումին առաջին հանդիսացաւ Ռոժէ Ֆըղալի, որ արձանագրեց 1' 50" 88 արդիւնք մը (Միթսուպիշի Լենսըր-Էվօ-6): Աղջկանց ոչ արհեստավարժ մրցումին առաջին...

Թեքուանտօ. Ալեքսիա Աւագեան` Ախոյեան. Քարլ – Միշել Աւագեան` Փոխախոյեան

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին, երկու օրերու տեւողութեան, Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցան Լիբանանի թեքուանտոյի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումները: Աղջկանց (կրտսերներ) 46 քկ դասակարգին մէջ, Ալեքսիա - Մարիա Աւագեան (Մոն լա Սալ) հանդիսացաւ ախոյեան` 2 մրցում յաղթելէ ետք Այա Տարուպի (Ռիատի), իսկ աւարտականին արձանագրելէ ետք տպաւորիչ յաղթանակ մը` Ռիթա Հատտատի դէմ (Սքաուտրա): Տղոց (կրտսերներ) 51 քկ...

Ֆութսալ. Կեդրոնական Դրամատան Կազմը` Լիբանանի Բաժակակիր

Նախորդ շաբաթավերջին Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ) տեղի ունեցաւ Լիբանանի ֆութսալի բաժակի մրցաշարքի աւարտական մրցումը, որուն ընթացքին, իրարու դէմ մրցեցան նախորդ տարեշրջանի տիտղոսակիր Կեդրոնական դրամատան խումբը եւ Շուէյֆաթ: Ատնան Հաժ Ալի Կեդրոնական դրամատան խումբը տիտղոսը պահեց իր մօտ` արձանագրելով 5-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Աւարտին Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Ռեմոն Սըմաան եւ ֆութսալի յանձնախումբի պատասխանատու Տորի Զախխուր կատարեցին մրցանակաբաշխութիւնը:...

«Սեւ Գօտիներ»-ու Ակադեմիան Կատարեց Իր Ախոյեաններուն Մրցանակաբաշխութիւնը

«Սեւ Գօտիներ»-ու Ակադեմիան Կատարեց Իր Ախոյեաններուն Մրցանակաբաշխութիւնը

Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, «Սեւ գօտիներ»-ու ակադեմիան կատարեց մրցանակաբաշխութիւնը իր ախոյեաններուն, որոնք նախորդ տարի տիրացած էին տարբեր տեսակի ախոյեանութիւններու եւ մրցաշարքերու առաջնութիւններու: Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան մարզական ֆետերասիոններու նախագահներ եւ ներկայացուցիչներ, որոնց կարգին` Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնի նախագահ Հապիպ Զարիֆէ: Մրցանակաբաշխութեան ընթացքին «Սեւ գօտիներ»-ու ակադեմիայի նախագահ Հասսան Ղըտպան յատուկ յուշանուէր մը յանձնեց Զարիֆէին:  

«Չեմփիընզ Լիկ».  Ալաշկերտի Մրցակիցը` Սելթիք

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Եուվենթուս – Աթլեթիքօ Մատրիտ Եւ Մանչեսթըր Սիթի – Շալքէ

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր եւ վաղը տեղի կ՛ունենան երկուքական ճակատումներ: Այդ չորս մրցումներն ալ պիտի սկսին ժամը 22:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Որեւէ մրցում կրնայ երկարաձգուիլ, եթէ պատահի, որ երթի մրցումներուն արդիւնքները կրկնուին: Իտալիոյ գործող ախոյեան Եուվենթուս այսօր բաւական դժուար մրցում մը ունի կատարելիք` նկատի ունենալով, որ երթին Սպանիոյ մէջ 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Աթլեթիքօ...

Page 725 of 1279 1 … 724 725 726 … 1,279

Արխիւներ