Ազատ ոճի ըմբշամարտի Հայաստանի երիտասարդ խումբի անդամ Խաչատուր Պապիկեան դարձած է Եւրոպայի 23 տարեկաններու ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր:
«Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` Սերպիոյ մէջ ընթացող Եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեանութեան 74 քիլոկրամ դասակարգի պրոնզէ մետալի համար գօտեմարտին մէջ Պապիկեան յաղթեց 10-3 արդիւնքով: