«Էն. Պի. Էյ.»- պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած վեց ճակատումներուն, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ իր դաշտին վրայ 120-107 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Պոսթըն Սելթիքսէն:
Լէյքըրզէն թրիփըլ-տապըլի հեղինակ դարձաւ Լեպրոն Ճէյմս (30 կէտ, 10 ռիպաունտ, 12 էսիսթ):
Մինեսոթա Վուլվզ երկարաձգումէն ետք 135-130 արդիւնքով յաղթեց Ուաշինկթըն Ուիզըրտծին: Յաղթական կազմէն Քարլ-Անթոնի Թաունզ նշանակեց 30 կէտ:
Ցարդ փլէյ-օֆի իրենց տոմսերը ապահոված են միայն 2 խումբեր` Միլուոքի Պաքս եւ Թորոնթօ Ռեփթըրզ (արեւելեան շրջան), մինչ անկէ դուրս մնացած են Քլիվլենտ Քաւալիրզ, Նիւ Եորք Նիքս (արեւելեան շրջան) եւ Ֆէոնիքս Սանզ (արեւմտեան շրջան):