«ՖԻՖԱ»-ին նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինօ` անդրադառնալով Քաթարի մէջ տեղի ունենալիք 2022-ի մոնտիալին` ըսաւ, որ կարգ մը մրցումներ կրնան տեղի ունենալ Քուէյթի կամ Օմանի մէջ:
«Քուէյթ եւ Օման փափաք յայտնած են օգնել Քաթարի մրցումներու կայացման գծով: Պէտք չէ մոռնալ այն, որ 2022-ի մոնտիալին առաջին անգամ ըլլալով մասնակցող խումբերուն թիւը պիտի բարձրանայ 48-ի, փոխան` 32-ի: Այս մրցաշարքին ընդլայնումը կը պահանջէ, որ մրցումներէն ոմանք կատարուին այլ երկիրներու մէջ», ըսաւ «ՖԻՖԱ»-ին նախագահը:
Նշենք, որ 2022-ի մոնտիալը պիտի սկսի 21 նոյեմբերին: