Դանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 25-րդ հանգրուանին, Հոպրօ իր դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Միթիուլանտէն:
51-րդ վայրկեանին արդիւնքը հաւասարեցուց հիւրընկալ կազմէն` Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ Էտկար Բաբայեան, որ մասնակցեցաւ ամբողջ մրցումին:
Այսպիսով, 23 տարեկան Բաբայեան Դանիոյ ընթացիկ ախոյեանութեան ընթացքին նշանակեց իր երկրորդ կոլը: Ան կատարած է նաեւ 3 էսիսթ:
Նախորդ շաբաթավերջին ան հրաւիրուեցաւ Հայաստանի հաւաքական` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Պոսնիոյ (23 մարտ) եւ Ֆինլանտայի (26 մարտ) դէմ տեղի ունենալիք Եւրօ-2020-ի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքի մրցումներուն: