Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց բաժակի մրցաշարքի աւարտական ճակատումը` ՀՄԸՄ Անթիլիասի եւ Ռիատի Պէյրութի միջեւ, տեղի պիտի ունենայ այսօր` շաբաթ, 9 մարտին, երեկոյեան ժամը 20:00-ին, Ղազիրի դաշտին վրայ:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ Ղազիրի դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն համար տրամադրուած պիտի ըլլան փոխադրակառքեր, որոնք երեկոյեան ժամը 18:30-ին Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակէն, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրէն, ինչպէս նաեւ Ֆանարի եւ Ռաուտայի ակումբներէն պիտի ուղղուին դէպի Ղազիրի դաշտ: