Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի տղոց կազմը կը մեկնի հիւսիս, ուր պիտի մրցի Շատրա Ռիատի խումբին դէմ:
Այս մրցումը, որ պիտի սկսի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Արզի դաշտին վրայ (Մինայի շրջան):
Մնալու համար յառաջատար դիրքերու վրայ, ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը պէտք է ամէն գնով յաղթական վերադառնայ հիւսիսէն:
 
			

