Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 10 մարտին, ՀՄԸՄ Պէյրութ Արզի դաշտին վրայ (Մինա, հիւսիս) մրցեցաւ Շատրա Ռիատիի դէմ: Մրցումը աւարտեցաւ 5-2 արդիւնքով` ի նպաստ Շատրայի:
ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Միքայէլ Նորաշխարհեան (26-րդ) եւ Ներսէս Գիւլոհեան (35-րդ):