Ըստ սպանական մամուլին, ամրան ընթացքին Ռէալ Մատրիտ 350 միլիոն եւրօ պիտի առաջարկէ ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի պրազիլցի յառաջապահ Նէյմարի համար:
Արքայական ակումբը պատրաստ է անոր վճարելու տարեկան 45 միլիոն եւրօ աշխատավարձք:
27 տարեկան ֆութպոլիստը այս առնչութեամբ ըսաւ. «Ես երջանիկ եմ փարիզեան կազմին հետ, սակայն ինծի ի՛նչ կը սպասէ ապագային` չեմ գիտեր: Ռէալ Մատրիտը աշխարհի լաւագոյն ակումբներէն մէկն է»:



