Նախորդ շաբաթավերջին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի տղոց սամպոյի 2019-ի ախոյեանութիւնը: 9 դասակարգերու մրցումներուն մասնակցեցան Երեւանէն, Արցախէն եւ Հայաստանի տարբեր շրջաններէն զօրաւորագոյն մարզիկները, յայտնեց Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի կայքը:
Հայաստանի ախոյեան դարձան Տիգրան Կիրակոսեան (52 քկ), Գրիգոր Մխիթարեան (57 քկ), Մաքսիմ Մանուկեան (62 քկ), Ռաֆիկ Մանուկեան (68 քկ), Ռոպերթ Գաբրիէլեան (74 քկ), Վահագն Չալեան (82 քկ), Էդիկ Պետրոսեան (90 քկ), Արման Աւանէսեան (100 քկ) եւ Յակոբ Առաքելեան (100 քկ եւ վեր):
Այս ախոյեանութեան արդիւնքներուն հիմամբ պիտի կազմուի Հայաստանի սամպոյի ազգային հաւաքականը, որ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 16-20 մայիսին Սպանիոյ մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի ախոյեանութեան: