Ժ. խմբակին մաս կազմող Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը շաբաթ, 23 մարտին, սկսաւ Եւրօ-2020-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն, երբ կատարեց իր առաջին մրցումը` հիւրը ըլլալով Պոսնիոյ:
«Կրպավիքա» մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին ներկայ էին 14 հազար հանդիսատեսներ:
Հայրենի կազմը պարտութեամբ սկսաւ մրցաշարքը, որուն ընթացքին կրեց 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Հիւրընկալ կազմը Ա. կիսախաղին 1-0 արդիւնքով յառաջացաւ` շնորհիւ Ռատէ Քրունիչի նշանակած կոլին (33-րդ):
80-րդ վայրկեանին Տենի Միլոշեւիչ արդիւնքը վերածեց 2-0-ի, իսկ մրցումին վերջին վայրկեանին Հենրիխ Մխիթարեան փենալթիով նշանակեց Հայաստանի միակ կոլը:
Մրցումի ազդանշանին տրուելէն առաջ, հայկական կողմը քանի մը անգամ բողոքեց Պոսնիոյ ֆութպոլի պատասխանատուներուն, որ հայկական Եռագոյնը կախուած է հակառակ ուղղութեամբ:
Թէեւ անոնք պարզաբանեցին, որ հովուն պատճառով անիկա շրջուած է, սակայն հայկական կողմին պնդումներուն վրայ ի վերջոյ դրօշակը վար բերուեցաւ եւ ճիշդ ուղղութեամբ բարձրացուեցաւ:
Երէկ երեկոյեան հայրենի կազմը, վերադարձաւ Երեւան: Նախքան վերադարձը, ֆութպոլիստները կատարեցին թեթեւ փորձեր` պատրաստուելու համար վաղը` երեքշաբթի, 26 մարտին Երեւանի Հանրապետական մարզադաշտին վրայ Ֆինլանտայի դէմ կատարուելիք երկրորդ մրցումին, որ պիտի սկսի ժամը 19:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Իր կատարած առաջին մրցումին Ֆինլանտա Իտալիոյ մէջ կրեց 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Իսկ այս խմբակին մէջ տեղի ունեցած երրորդ մրցումին, Յունաստան յաղթեց Լիխթնշթայնին` 2-0 արդիւնքով:
Անդրադառնալով կազմին կրած այս պարտութեան` Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արմէն Գիւլբուդաղեանց ըսաւ, թէ արդիւնքէն գոհ չէ, բայց վստահ է, որ տղաքը կրնան աւելի լաւ խաղարկութիւն ցուցաբերել:



