Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 23 մարտին, Ա. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պէյրութ կը մրցի Սքուատրայի դէմ: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Հուփսի դաշտին վրայ (օդակայանի ճամբուն վրայ), պիտի սկսի յետմիջօրէ ժամը 14:30-ին:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի յաղթանակով սկսիլ տարեշրջանը:


